ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ՝ 1921-ԻՆ ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՒ ԿԱՐՍԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԵԱՆ 100-ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ
«ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԿԱՐԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆՈՂ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԵՐ ՀԱՐԿ Է ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՄԱՇՏԱՊՈՎ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ՈՒ ՀԱՄԱՊԱՏԱՍԽԱՆ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄՆԵՐ ՃՇԴԵԼ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Երեքշաբթի, 19 Հոկտեմբեր 2021-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ակադեմիայի նախագահութեան դահլիճին մէջ բացումը կատարուեցաւ համազգային գիտաժողովի մը՝ նուիրուած 1921-ին Մոսկուայի եւ Կարսի պայմանագրութեան 100-ամեակին։ Գիտաժողովը կազմակերպած են ՀՀ Գիտութիւններու Ազգ. Ակադեմիայի պատմութեան ինսթիթիւթը, ՀՀ Գ.Ա.Ա. Արեւելագիտութեան ինսթիթիւթը, Հ.Յ.Դ.…