Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԱԳԻՏԱԿԱՆ ԵՒ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆՆԵՐՈՒ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ԺՈՂՈՎԻՆ

Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար նախագահեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոններու նորանշանակ յանձնախումբերու ժողովներուն:   Ողջունելով Հայագիտական Կեդրոնի յանձնախումբի առաջին նիստը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց անոր աշխատանքներուն յատուկ կարեւորութիւնը, իբրեւ հայագիտական բազմաթիւ նիւթեր ընդգրկող միակ կեդրոն: Ընդգծելով Սփիւռքի մէջ անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ան ըսաւ, որ նոր ծրագիրներով անհրաժեշտ…