ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՈՒ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻՆ՝ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ
«ՄԵՆՔ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆՔ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՈՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի եւ նախավկայի առաքելութիւնը իր յատուկ դրոշմը ունի հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ուստի, եկեղեցւոյ տօնացոյցը 25 Դեկտեմբերը նուիրուած է անոր յիշատակութեան, իբրեւ անշարժ տօն, որ հանդիսաւորապէս կը նշուի հայ եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիներէն ներս։ …