ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՄԻԱՑԱՒ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒ «ՆԱՐԵԿԱՑԻ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԱՄԱՆՈՐԵԱՅ ՀԱՒԱՔԻՆ

Շաբաթ, 25 Դեկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Կաթողիկոսարանի «Նարեկացի» մանկապատանեկան երգչախումբի փոքրիկները, Անթիլիասի Մայրավանքի շրջափակին մէջ, տօնախմբեցին նոր տարուան տօնը։   Հաւաքի ընթացքին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը անակնկալ կերպով միացաւ փոքրիկներուն եւ իր հայրական գուրգուրանքով ու հոգատարութեամբ բաժնեկից դարձաւ անոնց ուրախութեան։   Աւանդական կարկանդակի հատումէն ետք, «Նարեկացի» երգչախումբին անունով, փոքրիկներէն երկու անդամ՝ քոյր-եղբայր, Վեհափառ Հայրապետին նուիրեցին…