Կիրակի, 30 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց դոկտ. Հուտա Սելլում, ընկերակցութեամբ դոկտ. Սալըհ Զահրըտտինին: Լիբանանի շիիթ համայնքին պատկանող դոկտ. Սելլում վերջերս դոկտորայի աստիճան ստացած է եւ այդ առիթով պատրաստած է «հայ-թրքական ինքնութեան հարցը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» նիւթով աւարտաճառ մը:
Վեհափառ Հայրապետը իր գնահատանքը յայտնեց դոկտ. Սելլումին եւ ընդառաջելով անոր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասնագէտ դոկտ. Սալեհին փափաքին, համաձայն գտնուեցաւ որ յարմար առիթով աւարտաճառը տպուի Կաթողիկոսարանին կողմէ: