Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութիւնը (Հ.Ե.Հ.Ո.Մ.) զրոյց-հանդիպում ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ:   Աւելի քան ժամ մը տեւած հարցազրոյցը ուղիղ սփռուեցաւ Կաթողիկոսարանի Cilicia TV-էն: Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ յատկապէս երիտասարդութեան եւ Սփիւռքի առնչուած շարք մը հարցերուն: Վեհափառ Հայրապետը իր ունեցած…

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԵՍՊԱՆԸ

Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։   Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող հարցեր՝ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական ծիրէն ներս։