Երեքշաբթի, 15 Փետրուար 2022-ին, ամբողջ օրուան ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար նախագահեց միաբանական յանձնախումբերու աշխատանքային նիստերուն:
Առաջին հերթին, Ծիսական Յանձնախումբը ունեցաւ իր հանդիպումը: Յանձնախումբին նպատակն է եկեղեցին ժողովուրդին աւելի մօտեցնելու եւ ժողովուրդին մասնակցութիւնը ապահովելու ազդու միջոցներու փնտռտուքը, յատկապէս ծիսական, քարոզչական ու դաստիարակչական մարզերէն ներս:
Երկրորդ հանդիպումը Միւռոնի Պատրաստութեան Յանձնախումբի հանդիպումն էր, որուն նպատակն է 1 Յուլիս 2022-ին տեղի ունենալիք Միւռոնօրհնութեան Միւռոնի պատրաստութիւնը: Ապա, Նորին Սրբութիւնը նախագահեց Միւռոնօրհնէքին առնչուած Կազմակերպչական Աշխատանքներու Յանձնախումբի նիստին: Վերջապէս, Վեհափառ Հայրապետը նախագահեց յառաջիկայ Միաբանական Ընդհանուր Ժողովի Նախապատրաստական Յանձնախումբի հանդիպումին:
Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն իր առաջին նիստը պիտի ունենայ նաեւ Միաբանական Կանոնագրութեան Վերատեսութեան Յանձնախումբը:
Վերոնշեալ ժողովներուն ատենապետութիւնը վարեցին սրբազան հայրերը, իսկ ատենադպրութիւնը՝ վարդապետները:
Յանձնախումբերը յառաջիկայ շաբաթներուն դարձեալ պիտի հանդիպին, որպէսզի ընդհանուր գիծերու մէջ կատարուած իրենց քննարկումներուն աւելի շօշափելի ու գործնական ձեւ տան: