ԱՌԱՋԻՆ ՍԱՐԿԱՒԱԳԻՆ ՈՒ ՄԱՐՏԻՐՈՍԻՆ՝ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

«ՄԵՆՔ ԿՈՉՈՒԱԾ ԵՆՔ Ս. ՍՏԵՓԱՆՈՍԻ ԱՆՄՆԱՑՈՐԴ ՈՒ ՆՈՒԻՐԵԱԼ ԾԱՌԱՅՈՒԹԻՒՆԸ ԿԵՆՍԱԳՈՐԾԵԼՈՒ ՄԵՐ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻ ԿԵԱՆՔԻՆ ՄԷՋ»

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

 

Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի եւ նախավկայի առաքելութիւնը իր յատուկ դրոշմը ունի հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, ուստի, եկեղեցւոյ տօնացոյցը 25 Դեկտեմբերը նուիրուած է անոր յիշատակութեան, իբրեւ անշարժ տօն, որ հանդիսաւորապէս կը նշուի հայ եկեղեցւոյ բոլոր եկեղեցիներէն ներս։

 

Առ այդ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 26 Դեկտեմբեր 2021-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ Գերշ. Տ. Կոմիտաս Արք. Օհանեան պատարագեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց՝ վկայակոչելով Ս. Ստեփանոսի կեանքը եւ խրատելով սարկաւագներուն հետեւելու սուրբին օրինակին՝ ի մասնաւորի Քրիստոսի հանդէպ անոր անսահման սիրոյն եւ նուիրումին։ Սրբազանը ըսաւ, որ նախասարկաւագին սաղաւարտը հաւատքի փրկութեան նշանն է եւ, ուրեմն, սարկաւագները պարտին օրինակ առնել սուրբին մէջէն ճառագայթող ճշմարտութենէն, սէրէն եւ անվախութենէն։

 

Պատարագէն ետք, Հայրապետական թափօրը ուղղուեցաւ Վեհարանի դահլիճ, ուր տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր՝ Դպրեվանքի սարկաւագներուն պատրաստութեամբ։ Անոնք «Ստեփանոս քաղցրիկ տատրակ» շարականի երգեցողութեամբ մուտք գործեցին դահլիճ։ Աւետարանական ընթերցումէն, երգեցողութենէն եւ աղօթասացութենէն ետք, Բարշ. Շանթ Սրկ. Գատէհճեան, սարկաւագներուն անունով ուղերձ մը ընթերցեց։ Ան ըսաւ, որ սարկաւագին էական դերը կը մնայ խոնարհ ծառայութիւնը։ Այս առիթով, եղբայրական կոչ ուղղեց հայ երիտասարդութեան՝ գալու եւ խտացնելու շարքերը Դպրեվանքի սարկաւագացդասուն ու քալելու այն հաւատքի, յոյսի ու սիրոյ ճանապարհէն, ուրկէ մեր հայրերը քալած են դարեր շարունակ եւ միանալու Քրիստոսի հսկայական բանակին՝ թրծուած Ս. Ստեփանոսի ոգիով։

 

Հուսկ, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալ բազմութեան ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։ Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ մարդկային պատմութեան մէջ ոմանք կը դառնան հոմանիշ ու խորհրդանիշ վեհ արժէքներու, երկնային ճշմարտութիւններու եւ յաւիտենական իտէալներու։ Այսպէս էր պարագան Ս. Ստեփանոսի, որ իբրեւ սարկաւագ ապրեցաւ, գործեց ու նահատակուեցաւ՝ մնալով ծառայութեան խորհրդանիշ՝ թէ՛ քրիստոնէութեան եւ թէ՛ մարդկային կեանքին մէջ։ Հայրապետը վերյիշեցուց, որ եկեղեցին ինքզինք կ՚իրագործէ Աստուծոյ խօսքին եւ գործին վկան դառնալով։ Ան նշեց, որ վկայութիւնն ու ծառայութիւնը զիրար կ՚ամբղջացնեն ու կը հարստացնեն. ուրեմն, ա՛յս պէտք է ըլլայ հոգեւոր մշակի մը կոչումը։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ, որ այնպէս ինչպէս սովորական ծառայութիւն չէր Ս. Ստեփանոսի ծառայութիւնը, նոյնպէս ալ մեր եկեղեցւոյ եւ հոգեւորականներուն ծառայութիւնը պէտք չէ սովորական ծառայութեան սահմաններուն մէջ մնայ։ Հայրապետը դիտել տուաւ, որ եկեղեցւոյ ճամբէն բղխող եւ ժողովուրդին գացող ծառայութիւնը պէտք է դառնայ Քրիստոսակեդրոն՝ ընդգծելով, որ հոգեւորականի ծառայութեան մղումը պէտք է ըլլայ Քրիստոսի սէրը՝ ըլլալով անանձնական։ Այս օրերուն մանաւանդ, մեր ժողովուրդը, ամէն տեղ, կարիքը ունի մեր ծառայութեան։ Սքեմը չէ, որ հոգեւորականը հոգեւորական կը դարձնէ, այլ այդ սքեմին ետին կանգնող այն կոչումը, որ ինքզինք կ՚արտայայտէ ծառայութեամբ եւ վկայութեամբ, ընդգծեց Հայրապետը։

 

Իր խօսքի աւարտին, Արամ Ա. Կաթողիկոս իր գնահատանքը յայտնեց սարկաւագներուն՝ ի տես անոնց ծառայասիրութեան եւ խօսքը ուղղելով անոնց յորդորեց անանձնական եւ նուիրեալ ծառայութեամբ Ս. Ստեփանոսը ապրեցնելու իրենց եւ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ։ Ան յանձնարարեց, որ ժողովուրդը եկեղեցի տանելու կողքին, անոնք նաեւ եկեղեցին ժողովուրդին տանին՝ ինչպէս որ Քրիսոտոս Ինք գնաց ժողովուրդին, ինքզինք նոյնացելով ժողովուրդին տառապանքին հետ։ Նորին Սրբութիւնը խօսքը աւարտեց աղօթելով առ բարձրեալն Աստուած, որ Ս. Ստեփանոսի ծառայական սիրոյ ոգիով ու հաւատքով լեցնէ անոնց կեանքը, միտքը ու հոգին։

 

Հանդիսութեան աւարտին ներկաները միաբերան երգեցին «Կիլիկիա» քայլերգը, որմէ ետք Հայրապետը իր հայրապական ու Հայրապետական օրհնութիւնը փոխանցեց սարկաւագներուն։