ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ԾԱՌԱՅՈՂՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Հինգշաբթի, 18 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լիբանանի հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան նորընտիր վարչութիւնը:

 

Վարչութիւնը եկած էր Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու եւ զինք տեղեակ պահելու ընկերային ծառայութեան լծուած վարչութեան կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ու յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

 

Նորին Սրբութիւնը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց ընկերային ծառայողներուն եւ մեր ժողովուրդի կարիքաւոր զաւակներուն ծառայութեան լծուած բոլոր կազմակերպութիւններուն:

 

Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Անբնական պայմաններու մէջ կ՚ապրինք: Ընկերատնտեսական մտահոգութիւնները բազմաթիւ են ու բազմազան: Հետեւաբար, մեր ժողովուրդի կարիքներուն օգտակար հանդիսանալը մեր բոլորին առաջնահերթ պարտաւորութիւնը պէտք է դառնայ»: Այս առիթով, Հայրապետը նաեւ իր ջերմ գնահատանքը յայտնեց այն բոլոր կազմակերպութիւններուն ու նուիրատուներուն, որոնք զանազան կերպերով կ՚օժանդակեն մեր կառոյցներուն ու կարիքաւոր ընտանիքներուն: