25 January, 2022

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 107-ԱՄԵԱԿԻ ՈԳԵԿՈՉՄԱՆ ՄԱՐՄԻՆԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ ՀԵՏ

Առնուած «Ազդակ» օրաթերթէն
*****

 

Շաբաթ, 22 Յունուար 2022-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչման Մարմինը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

Հանդիպման ընթացքին մարմինը Հայրապետին ներկայացուց 2022-ի ապրիլեան ձեռնարկներու ծրագիր-նախագիծը` խնդրելով անոր հովանաւորութիւնը: Հաւատարիմ մնալով Համազգայինի տասնամեակներու տեսլականին եւ առաքելութեան` Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը այս տարի կը ձգտի Հայոց Ցեղասպանութեան անդրադառնալ քննական-վերլուծական բնոյթ կրող ձեռնարկով մը: Ձեռնարկ-սեմինարին նիւթն է` «Յետցեղասպանութեան ստեղծարարութիւնը` յիշողութեան, արուեստի եւ պահանջատիրութեան միջեւ», եւ ան կը նպատակադրէ ի մի բերել հայագիտական ոլորտի մասնագէտներ եւ երիտասարդներ: Քննական մօտեցումով տեղեկատուութեան առընթեր, ձեռնարկին նպատակներէն է շեշտադրել, մարդկային վնասներու կողքին, Ցեղասպանութեան գործած մշակութային եւ հոգեկան վնասները, վերլուծել զանոնք եւ վերարժեւորել աղէտին ահռելի ցնցումը` իբրեւ արուեստի արարիչ ուժ:

Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց այս քայլը եւ գնահատեց քարացած ու հնաբոյր ձեռնարկներէն դուրս գալու Համազգայինի այս նախաձեռնութիւնը` աւելցնելով, որ պէտք է սփիւռքը դրական «ցնցում»-ի մը ենթարկել ու դուրս բերել զայն իր «թմբիր»-էն, նոյնիսկ եթէ այս աշխատանքը երկար ժամանակի կը կարօտի եւ անխոնջ հաստատակամութիւն կը պահանջէ:

Յիշենք, որ Նորին Սրբութիւնը 2022-ը հռչակած է «Սփիւռքի տարի», եւ սոյն ձեռնարկը նաեւ կը տեղադրուի գաղութներու կողմէ «Սփիւռքի տարուան» լիարժէք ներկայացումի ծիրին մէջ։