Շաբաթ, 11 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Լիբանանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայութիւնը յուզող հարցեր՝ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական ծիրէն ներս։