Հ.Յ.Դ. ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2021-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կազմակերպած դաշնակցական կազմակերպական աշխարհատարած կառոյցի մարմիններու խորհրդաժողովին մասնակիցները, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:   Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին, առաջին առիթով Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց խորհրդաժողովին մասնակիցները եւ Լիբանանի ապրած տագնապալի այս փուլին բարձր գնահատեց խորհրդաժողովին կայացումը Պէյրութի մէջ: Ապա Հայրապետը անդրադարձաւ այն…