20 Հոկտեմբերի, 2021

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ԵՒ ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԺՈՂՈՎԻՆ

Չորեքշաբթի, 20 Հոկտեմբեր 2021-ին, տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ) հովանիին ներքեւ գործող նորակազմ «Աստուածաբանական եւ Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբ»ի առցանց անդրանիկ ժողովը: Յանձնախումբի կազմութեան նպատակն է հաւաքական կերպով քննել Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն դիմագրաւած աստուածաբանական ու միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող հարցերը: Սակայն, նկատի ունենալով եկեղեցիներուն ապրած ընկերային դժուարութիւնները, յանձնախումբը իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուց ընկերային խնդիրներուն վրայ:

 

Ժողովին նախագահեց Մ.Ա.Ե.Խ.ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշել Ալ-Ապս: 12 ներկայացուցիչներէ բաղկացած յանձնախումբի առցանց հանդիպումին ներկայ էին 10 եկեղեցիներու ներկայացուցիչները (Աղեքսանդրիոյ Յոյն Ուղղափառ, Հայ Ուղղափառ, Ասորի Ուղղափառ, Յոյն Կաթողիկէ, Աւետարանական, Ասորի Կաթողիկէ, Լուտերական, Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ, Ղպտի Ուղղափառ եւ Քաղդէական): Նշենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուց Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեանը:

More News