ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՍԻՈՆԱՐԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻ ՀԱՐԻՒԻՐԱՄԵԱԿԻ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐՈՒՆ

Կազմակերպութեամբ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) Առաքելութիւն եւ Աւետարանչութիւն Յանձնաժողովին (Commission on World Mission and Evangelism) եւ համագործակցութեամբ Միջազգային Միսիոնարական Ժողովին (International Missionary Council), 2021-2022 տարեշրջանին ընթացքին շարք մը ծրագիրներու ընդմէջէն պիտի նշուի միսիոնարական համաժողովին 100 ամեակը՝ տարբեր հանդիպումներու եւ գրական աշխատութիւններու ընդմէջէն անդրադառնալով անոր պատմութեան, ներկայ իրավիճակին եւ ապագայի տեսլականին։  Սոյն ծրագիրին յանուն Մեծի Տանն…