ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՆԱԽԱՏՕՆԱԿԸ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Կիրակի, 13 Փետրուար 2022-ի երեկոյեան, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ անդաստանի արարողութիւն, մանուկներու տաճար ընծայում եւ աւանդական խարոյկի հրավառութիւն։ Այս առիթով Վեհափառ Հայրապետը հաւատացեալ ժողովուրդին ուղղեց իր Հայրապետական պատգամը։   Նորին Սրբութիւնը փառք ու գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ, որ այս…