Շաբաթ, 29 Յունուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Վատիկանի մօտ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Էլ Խազեն: Դեսպանը Նորին Սրբութեան պարզեց Վատիկանի կատարած աշխատանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ կայացած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու հանդիպումէն ետք:
Հանդիպման ընթացքին քննարկումի նիւթ դարձան Լիբանանի ներկայ կացութեան առնչուած շարք մը հարցեր:
Յայտնենք, որ յառաջիկայ օրերուն Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար քարտինալ Կալըկըր պիտի այցելէ Լիբանան: