12 December, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԷՆ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Կիրակի, 12 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդէն (Ե.Հ.Խ.) պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կը կազմէին Գարլա Խիժոյեան, Դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր եւ Եոլէնի Ռէպէլէ: Գարլա Խիժոյեանը կը ներկայացնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Խորհուրդէն ներս եւ պատասխանատու է Միջին Արեւելքի առնչուած հարցերուն: Իսկ Դոկտ. Աբրահամ Ուիլըր եւ Եոլենի Ռեպելէ յատուկ պատասխանատուութիւն ունին Ե.Հ.Խ.ի միջ-կրօնական ու քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան բաժանմունքին մէջ։

 

Պատուիրակութիւնը եկած էր իմանալու Վեհափառ Հայրապետին տեսակէտը յատկապէս քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան շուրջ: Նորին Սրբութիւնը ընդհանուր ակնարկ մը կատարելով վեր առաւ Ե.Հ.Խ.ի գործունէութիւնը քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ծիրէն ներս եւ անդրադարձաւ այս ուղղութեամբ անցեալին տեղի ունեցած երկու միջազգային համագումարներու, ինչպէս նաեւ այլ աշխատանքներու: Հայրապետը նաեւ իր թելադրութիւնները փոխանցեց ներկայ ժամանակներու քիրստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան առաջնահերթութիւններու ու շեշտաւորումներու գծով, որոնք հրամայական դարձած են ոչ միայն Միջին Արեւելքի, այլ նաեւ բազմակրօն դարձած արեւմտեան ընկերութեան մէջ: