27 December, 2021

ՄԵԾՆ ՍՈՒՐԲ ՄԱԿԱՐԻ «ՀՈԳԵՒՈՐ ՔԱՐՈԶՆԵՐ» ՀԱՏՈՐԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Հրամանաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի հրատարակութեամբ լոյս կը տեսնէ Մեծն Սուրբ Մակարի «Հոգեւոր Քարոզներ»ը՝ թարգմանութեամբ Գերշ. Տ. Մակար Եպս. Աշգարեանի եւ մեկենասութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմին։

 

Շուրջ 350 էջերէ բաղկացած հատորը կը պարունակէ ճգնաւորական շարժումի հիմնադիր եւ Դ. դարու ընդհանուր քրիստոնէական կեանքի պատմութեան հոգեւոր աստղերէն Մեծն Մակարի խորհրդածութիւնները, որոնք, բովանդակութեան իմաստով, պարզ քարոզախօսական գրութիւններ չեն, այլ կը շօշափեն զանազան թեմաներ, ինչպէս՝ իմաստասիրական, հոգեբանական, աստուածաշնչական, վարքաբանական, այլաբանական, խորհրդաբանական, ընկերաբարոյական, խրատաբանական եւ դաստիարակչական։

 

Հատորին ճամբով ընթերցողը ոչ միայն կը սորվի սուրբին ունեցած կարողութիւններուն եւ իմաստութեան մասին, այլեւ կը ստանայ կեանքի զանազան փորձութիւնները դիմագրաւելու գաղտնիքը։

 

Հատորը ստանալու համար դիմեցէք Կաթողիկոսարանի գրատուն եւ կամ առցանց՝ այցելելով www.ciliciabookstore.com։