Շաբաթ, 23 Հոկտեմբեր 2021-ին, երկար հանդիպում մը տեղի ունեցաւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ Լիբանանի մօտ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ) ներկայացուցիչ՝ դոկտ. Եոաննա Վրոնեցքայի միջեւ:
Մ.Ա.Կ.ի ներկայացուցիչը Նորին Սրբութեան պարզեց իր ներկայացուցած միջազգային կազմակերպութեան մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները Լիբանանի գծով, յատկապէս շեշտելով տնտեսա-քաղաքական բարեկարգման անյետաձգելի հրամայականը: Վեհափառ Հայրապետը իր կարգին, նախ ներկայացուց Լիբանանի հայ համայնքին ներքին կառոյցն ու քաղաքական դերակատարութիւնը եւ յիշեցուց, որ համայնքին մօտեցումները միշտ եղած են հաւասարակշռուած, եւ ան մասնակից է եղած միշտ Լիբանանի ներքին միասնականութեան, ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան առաւել ամրացման ձգտող աշխատանքներուն: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ յիշեցուց Լիբնանանը ներկայ ընկերա-տնտեսական ընթացքէն դուրս բերելու հրամայականը եւ այս գծով Մ.Ա.Կ.ի դերը: