Անցնող մի քանի օրերու ընթացքին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը յաջորդաբար նախագահեց Կաթողիկոսարանի Հայագիտական եւ «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոններու նորանշանակ յանձնախումբերու ժողովներուն:
Ողջունելով Հայագիտական Կեդրոնի յանձնախումբի առաջին նիստը՝ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց անոր աշխատանքներուն յատուկ կարեւորութիւնը, իբրեւ հայագիտական բազմաթիւ նիւթեր ընդգրկող միակ կեդրոն: Ընդգծելով Սփիւռքի մէջ անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը, ան ըսաւ, որ նոր ծրագիրներով անհրաժեշտ է առաւել ծաւալ ու որակ տալ Կեդրոնի աշխատանքներուն:
Հանդիպման աւարտին որոշուեցաւ քննել Լիբանանէն դուրս առցանց դրութեամբ ուսանողներ ընդգրկելու, ինչպէս նաեւ Կաթողիկոսարանի Մանկավարժական Կեդրոնին հետ գործակցաբար Հայագիտական Կեդրոնի վկայականին պետական ճանաչում ապահովելու կարելիութիւնը:
Յայտնենք, որ ներկայիս 22 ուսանողներ կը հետեւին Հայագիտական Կեդրոնի դասընթացքներուն: Նորանշանակ յանձնախումբի անդամներն են Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեան, Տիգրան Ճինպաշեան եւ Շահան Գանտահարեան: Իսկ Կեդրոնի տնօրէնն է Ահարոն Շխրտմեան:
Ապա, ողջունելով «Խաչեր Գալուստեան» Մանկավարժական Կեդրոնի նորանշանակ յանձնախումբը, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց անցնող առաւել քան 30 տարիներու ընթացքին Կեդրոնին բերած կարեւոր նպաստը՝ հայ ուսուցիչներու մանկավարժական պատրաստութեանց գծով: Լայնօրէն քննարկելէ ետք Կեդրոնին ներկայ աշխատանքները, յանձնախումբը որոշեց յառաջիկային զարկ տալ Հայագիտական Կեդրոնին հետ գործակցութիւնը առաւել կազմակերպելու, ինչպէս նաեւ հայերէնագիտական նիւթեր դասաւանդող ուսուցիչներու վերաորակաւորման սեմինարներ կազմակերպելու ծրագիրները:
Յայտնենք, որ Կեդրոնը պետական ճանաչում ունի BT3, TS եւ LT վկայականներով եւ ցարդ Կեդրոնի աշակերտները յաջողութեամբ ստացած են յիշեալ վկայականները:
Կեդրոնէն ներս ներկայիս ուսանողութեան թիւն է 20: Վերակազմեալ յանձնախումբի անդամներն են՝ Տիկին Շաղիկ Գանտահարեան, Տիար Տիգրան Ճինպաշեան, Տիկին Թամար Հաշէօլեան, իսկ Կեդրոնի տնօրէնուհին է Տիկին Սիլվա Ներսէսեան: