Երեքշաբթի, 11 Յունուար 2022-ին, Քուէյթի եւ Շրջակայից Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ Գերպ. Տ. Պետրոս Ծ. Վրդ. Մանուէլեան, գլխաւորութեամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի, այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին՝ ստանալու համար անոր օրհնութիւնը։ Յիշենք, որ Հայր Պետրոսը 17 Դեկետմբեր 2021-ին, ձեռամբ Օշական սրբազանին, ստացած էր Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճանները, որովհետեւ թագաժահրին պատճառով չէր կարողացած մաս կազմել 11 Ապրիլ 2021-ին Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ կայացած Ծայրագոյն Վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան արարողութեան։
Այս առիթով, հայր սուրբը Նորին Սրբութեան զեկոյց տուաւ թեմէն ներս կատարուած աշխատանքներուն մասին ու պարզեց կարգ մը ծրագիրներ: