Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ «Ս. ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» ՇՔԱՆՇԱՆՈՎ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃէՊէՃԵԱՆԸ

Կիրակի, 19 Դեկտեմբեր 2021-ին, Ս. եւ Անմահ Պատարագէն անմիջապէս ետք, Անթիլիասի Մայրավանքի Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով գնահատեց հրապարակագիր ու Ծոցի երկիրներու Աստուածաշունչի Ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Հրայր Ճէպէճեանի մտաւորական ու ծառայական աշխատանքը:   Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կաթողիկոսարանի Հայագիտական Կեդրոնի պատասխանատու Ահարոն Շխրտմեան: Ան իր խօսքին մէջ…