Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ Գէորգ Մելիտինեցի Գրական Մրցանակի 102-րդ հրատարակութիւնը՝ «Մատենագիտութիւն Ընդդէմ Ցանկագրումի «Լիբանահահայ Գիրքը…» (Յաւելուած)», աշխատութեամբ՝ Ժիրայր Դանիէլեանի եւ խմբագրութեամբ՝ Կարօ Յովհաննէսեանի։
Հատորը կը պարունակէ յաւելումներ, մատնանշումներ, սրբագրութիւններ եւ անհրաժեշտ ցանկեր, որոնց մասին իր յառաջաբանին մէջ կը մանրամասնէ Դանիէլեան՝ դիտել տալով, որ այս աշխատանքը կու գայ ամբողջացնելու 2013 թուականին լոյս տեսած «Լիբանանահայ Գիրքը 1894-2012 Մատենագիտական Ցանկ» աշխատասիրութիւնը եւ Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի 27-րդ հատորին «Յաւելումներ. Լիբանանահայ Գիրքը. Մատենագիտական Ցանկ 1894-2012 հատորին» ուսումնասիրութիւնը։ Այսպիսով, Դանիէլեան այս հրատարակութեամբ կը լրացնէ վերոնշեալ աշխատութիւններուն բացթողումները։
Շուրջ 200 էջերու մէջ ներկայացուած գործը ունի Նոր Անուններ, Հին Կրկրնութիւններ, Նոր Կրկնութիւններ, Հին Սրբագրութիւններ, Նոր Սրբագրութիւններ, Ցանկեր՝ Գիրքերու Ցանկեր եւ Անձնանուններու Ցանկեր բաժինները։
Հատորէն օրինակներ կրնաք ապահովել Կաթողիկոսարանի գրախանութէն, ինչպէս նաեւ այցելելով www.ciliciabookstore.com կայքը։