15 November, 2021

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՄՕՏ

Շաբաթ, 13 Նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, գլխաւորութեամբ Դոկտ. Մկրտիչ Մկրտիչեանի: Հանդիպման ընթացքին Կեդրոնական Վարչութիւնը Վեհափառ Հայրապետին զեկուցեց Համազգայինի մասնաճիւղերուն գործունէութեան եւ անոնց դիմագրաւած այլազան դժուարութիւններու առնչուած հարցերու մասին:

 

Նորին Սրբութիւնը բարձր գնահատեց Համազգայինի գործունէութիւնը՝ հաստատելով, որ անիկա կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Սփիւռքի տարածքին ընդհանրապէս հայապահպանման ու յատկապէս հայ մշակոյթի տարածման առաքելութեան մէջ:

 

Իսկ Երկուշաբթի, 15 Նոյեմբեր 2021-ին, Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին, ընկերակցութեամբ դոկտ. Խաչատուր Ռոստոմ Ստեփանեանի: Դոկտ. Ստեփանեան հեղինակն է «Հայաստանում Խորհրդային Իշխանութեան Հաստատման Հիմնահարցը Սփիւռքահայ Հասարակական-Քաղաքական Մտքի Գնահատմամբ (1920-1930-ական թթ.)» հատորին, որ վերջերս լոյս ընծայուեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքի տպարանէն: Վեհափառ Հայրապետը գնահատեց դոկտ. Ստեփանեանի կատարած աշխատանքը եւ յարատեւ յաջողութիւն մաղթեց անոր յառաջիկայ ծրագիրներուն: Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ շեշտեց մեր մշակութային արժէքներուն կենսագործման կարեւորութիւնը, որուն լծուած է Համազգայինը: