Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ԱՄԱՆՈՐԻ ՊԱՏԳԱՄԸ
ՀԱՄԱԽՄԲՈՒԻՆՔ ԱԶԳԻ ՈՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՇՈՒՐՋ Նոր Տարուան սեմին, քրիստոնէական սիրով ու հայրապետական օրհնութեամբ կ’ողջունենք մեր ժողովուրդի սիրելի զաւակները։ Նոր Տարին մարդը, անհատապէս թէ հաւաքաբար, ինքնահայեցողութեան ու ինքնաքննութեան հրաւիրող պահ է։ Եկէք պահ մը մեր հայեացքները սեւեռենք հայ կեանքին վրայ։ Ինչպէս համայն մարդկութիւնը, նոյնպէս մեր ժողովուրդը կը շարունակէ ապրիլ համաճարակին ստեղծած…