ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՆԿԼԻՔԱՆ-ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ՈՒՂՂԱՓԱՌ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐԿԽՕՍՈՒԹԵԱՆ

Անկլիքան-Արեւելեան Ուղղափառ Եկեղեցիներու Աստուածաբանական Երկխօսութեան Միջազգային Յանձնախումբը իր տարեկան ժողովը առցանց գումարեց 26-28 Հոկտեմբեր 2021-ին։ Օրակարգի վրայ էր եկեղեցիներուն տեղեկագիրներու եւ ծրագիրներու ներկայացումը, ինչպէս նաեւ «Տիեզերական Ժողովներուն Ժառանգութիւնը» թեմայով թղթածրարին աշխատանքներուն շարունակութիւնը։   Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժողովին մասնակցեցաւ միջ-եկեղեցական յարաբերութեան բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Հրանդ Ծ. Վրդ. Թահանեան։

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼՈՒՏԵՐԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ

Երեքշաբթի, 2 Նոյեմբեր 2021-ին, Ժընեւի մէջ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդի ներկայացուցիչ դոկտ. Տըրք Լանճը: Հանդիպման նպատակը Նորին Սրբութեան հետ խորհրդակցիլ էր ընդհանրապէս միջ-եկեղեցական հարցերու ու մասնաւորաբար ուղղափառ եկեղեցիներուն հետ Լուտերական Եկեղեցիներու Խորհուրդին աստուածաբանական երկխօսութիւն սկսելու կարելութեան մասին:   Երկար տարիներու միջ-եկեղեցական ու յատկապէս աստուածաբանական երկխօսութեանց փորձառութեան լոյսին տակ, Վեհափառ Հայրապետը…