ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳ ԿԱՄՔՈՎ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵՆ ԻՐԵՆՑ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան իրագործման մէջ կարեւոր դեր ունին հաւատացեալները եւ անոնց նիւթաբարոյական ներդրումը։ Վերջին երկու տարիներու ընթացքին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ, օրհնութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, իրագործուեցան վերանորոգութեան ու վերադասաւորման զանազան ծրագիրներ՝ մեր Սուրբ Աթոռի զաւակներուն բարերարութեան շնորհիւ։ Թէեւ Վեհափառ Հայրապետին փափաքն էր իւրաքանչիւր ծրագիրի իրագործման աւարտին տեղի ունենար վերաբացման արժանի…