30 November, 2021

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀՈՒԹԵԱՄԲ ՄԻԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՅՐԱՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

Երեքշաբթի, 30 Նոյեմբեր 2021-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, վանաբնակ միաբան հայրերու հաւաք տեղի ունեցաւ Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ:

 

Հանդիպման սկիզբը Նորին Սրբութիւնը ողջունեց Մայրավանք ժամանած թեմակալ առաջնորդները: Խօսելով միաբանական կեանքին առնչուած երեւոյթներուն՝ ան շեշտեց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբանութիւնը այսօր ամբողջական նուիրումով լծուած է հայ ժողովուրդի ծառայութեան՝ թէ՛ թեմերէն ներս եւ թէ՛ Կաթողիկոսարանին մէջ: Ապա, Հայրապետը անդրադարձ կատարեց յառաջիկային տեղի ունենալիք Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովներուն: Հանդիպման ընթացքին Նորին Սրբութիւնը նաեւ խօսեցաւ հայ ազգն ու հայրենիքը յուզող հարցերու մասին:

 

Աւարտին, հաւաքին մասնակից միաբաններ համահունչ կերպով կատարեցին «Կիլիկիա» քայլերգի ու «Կիլիկեան Ուխտի» Հայրապետական մաղթերգի երգեցողութիւնը: