ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄՕՏ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԴԵՍՊԱՆՈՒՀԻՆ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 3 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը աւելի քան ժամ մը հանդիպում ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու (Ա.Մ.Ն.) դեսպանուհի Տորոթի Շիայի հետ, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ: Հանդիպման ներկայ էր դեսպանատան քաղաքական հարցերու պատասխանատու Էթան Լինչը:

 

Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու Լիբանանի ներքին քաղաքական կեանքին վրայ: Այս շրջագծէն ներս տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին ու դեսպանուհիին միջեւ։ Անոնք շեշտեցին յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման, ինչպէս նաեւ ընկերատնտեսական կեանքը բարելաւումի առաջնորդող գործընթացներու կարեւորութիւնը: