Հ.Յ.Դ. ՄԱՐՄԻՆՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՐԴԱԺՈՂՈՎԻ ՄԱՍՆԱԿԻՑՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻՆ

Չորեքշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2021-ին, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի կազմակերպած դաշնակցական կազմակերպական աշխարհատարած կառոյցի մարմիններու խորհրդաժողովին մասնակիցները, գլխաւորութեամբ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի, այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին:

 

Մէկուկէս ժամ տեւած հանդիպումին, առաջին առիթով Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց խորհրդաժողովին մասնակիցները եւ Լիբանանի ապրած տագնապալի այս փուլին բարձր գնահատեց խորհրդաժողովին կայացումը Պէյրութի մէջ: Ապա Հայրապետը անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ իր հոգեւոր ծառայութեան ընթացքին` իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ եւ ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս, մօտէն ճանչցած է Դաշնակցութիւնը, եւ տարբեր օրինակներով վկայեց անոր առանցքային դերին եւ նշանակութեան` Հայոց պատմութեան վերջին աւելի քան 130 տարիներու ընթացքին: Ապա ան անդրադարձաւ համահայկական ժամանակակից գերխնդիրներուն` անհրաժեշտ նկատելով համահայկական միացեալ ուժերով դիմակալել հայութեան սպառնացող նորօրեայ վտանգները եւ ապառնալիքները:

 

Այս առիթով Նորին Սրբութիւնը լուսարձակի տակ առաւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած աննախընթաց ճգնաժամը` հաստատելով, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը, ինչպէս անցեալին, այսօր եւս կը շարունակէ ժողովրդանուէր իր ծառայութիւնը եւ պատմական առաքելութիւնը: Հայրապետը հաստատեց, որ բոլոր միջոցներով պէտք է անսալ լիբանանահայութեան կարիքներուն եւ սատարել անոր վերականգնումին, որպէսզի երաշխաւորուի անոր համահայկական դերակատարութեան շարունակականութիւնը:

 

Հանդիպումը առիթ մը հանդիսացաւ անդրադառնալու արցախեան 44-օրեայ պատերազմին եւ անոր իբրեւ հետեւանք հայութեան, Հայաստանի եւ Արցախի պարզած այսօրուան տխուր եւ վտանգաւոր կացութեան, ինչպէս նաեւ քաղաքական եւ անվտանգային տագնապներուն:

 

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան իր կարգին կարեւոր նկատեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան անշրջանցելի պատմական դերակատարութիւնը եւ անոր ունեցած առանցքային դերը հայոց պատմութեան բոլոր փուլերուն: Ապա ընդհանուր ակնարկով մը անդրադարձաւ համազգային հրատապ օրակարգերուն եւ այդ բոլորին գծով Դաշնակցութեան ունեցած արժեւորումներուն:

 

Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր կարգին խօսք առնելով վկայեց Վեհափառ Հայրապետի ժողովուրդի կողքին կանգնելու ու անոր ցաւերը, տագնապները եւ դժուարութիւնները կիսելու եւ անոնց դարմանումին համար իր ցուցաբերած հայրական ոգիին ու գուրգուրանքին մասին: Ան աւելցուց, որ Հայրապետը, իբրեւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ, քաղաքացիական պատերազմի ամբողջ ընթացքին մնաց իր ժողովուրդի կողքին, անտեսելով բոլոր վտանգները: Կանգնեցաւ պատնէշի առաջին դիրքերուն վրայ եւ հակառակ իրեն տրուած խորհուրդներուն, նախընտրեց մնալ Պուրճ Համուտի Ազգային Առաջնորդարանին մէջ` իր ժողովուրդի կողքին: Այսօր նաեւ ան իբրեւ Կաթողիկոս, ի տես լիբանանահայութեան ապրած ծանր ճգնաժամին, խորապէս կը տագնապի հայորդիներու ապրած դառն կացութեամբ եւ ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ հասնելու անոնց կարիքներուն, եւ զօրակոչի ենթարկելով թեմերը կ՛ապահովէ համահայկական օժանդակութիւն` ի խնդիր լիբանանահայութեան գոյերթի անխափան շարունակականութեան:

 

Հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ եղաւ նաեւ սփիւռքի դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Վեհափառ Հայրապետը անհրաժեշտ նկատեց սփիւռքի վերակազմակերպումը եւ անոր երթին նոր որակ եւ լիցք հաղորդելու անհրաժեշտութիւնը: Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ այս առաջադրանքէն մեկնած որոշած է 2022 թուականը յայտարարել «Սփիւռքի տարի»:

(Առնուած Ազդակէն)