ԵՐԿՈՒ ՄԻԱԲԱՆ ՀԱՅՐԵՐ ՍՏԱՑԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐԸ

Հրամանաւ եւ բարձր տնօրինութեամբ Սուրբ Աթոռոյս գահակալ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբան հայրերէն Հոգշ. Տ. Վարդան Վրդ. Թաշճեան (Թորոնթոյի Ս. Աստուծածածին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ) ու Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան (Քուէյթի եւ Շրջակայից Հայոց Թեմի Կաթողիկոսական փոխանորդ) ստացան ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճանները՝ իրենց ծառայութեան թեմերէն ներս։

 

Արդարեւ, Կիրակի, 18 Ապրիլ 2021-ին, Թորոնթոյի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Վանգուվըրի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեանի, իսկ Ուրբաթ, 17 Դեկտեմբեր 2021-ին, Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Գերշ. Տ. Օշական Արք. Չօլոյեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Քուէյթի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արտակ Աւ. Քհնյ. Քէհեայեանի, տեղի ունեցան ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան արարողութիւնները։

 

Յիշենք, որ թագաժահր համաճարակին պատճառով հայր Վարդանն ու հայր Պետրոսը չէին կարողացած ներկայ գտնուիլ Կիրակի, 11 Ապրիլ 2021-ին Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ կատարուած ծայրագոյն վարդապետութեան աստիճաններու տուուչութեան արարողութեան՝ վեց միաբանակից հայրերու հետ։