«ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԿԻԶԱԿԷՏԸ ՊԷՏՔ Է ԴԱՌՆԱՅ ԶԱՆԱԶԱՆՈՒԹԵԱՄԲ ԱՐՏԱՅԱՅՏՈՒՈՂ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ UNITÉ DES CHRÉTIENS ՇԱԲԱԹԱԹԵՐԹԻՆ ՀԵՏ

Ֆրանսայի մէջ հրատարակուող եւ միջ-եկեղեցական աշխարհէն ներս իր կարեւոր խօսքը ունեցող Unité Des Chrétiens շաբաթաթերթին հետ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը վերջերս Ֆրանսերէնով հարցազրոյց մը ունեցաւ: Արդարեւ, միջ-եկեղեցական շարժումին ներկայ իրավիճակը պարզող հարցերուն պատասխանելով՝ Նորին Սրբութիւնը կը յիշեցնէ, թէ միջ-եկեղեցական շարժումը վերջին տասնամեակին սկսած է նահանջ արձանագրել. երեւոյթ մը, որ հետեւանքն է համաշխարհայնացման ստեղծած նոր…