Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի (Ե.Հ.Խ.) 11-րդ ընդհանուր ժողովին նախապատրաստական աշխատանքներու ծիրէն ներս, Ե.Հ.Խ.ի Միջազգային Գործունէութեան Յանձնաժողովը (Commission of International Affairs) գործակցաբար Ե.Հ.Խ.ի Հոգեւոր Կեանքին (Spiritual Life) կազմակերպեց շարք մը առցանց լսարաններ՝ նշելու 75 ամեակը Ե.Հ.Խ.ի միջազգային հարցերով զբաղող յանձնաժողովին, Ուրբաթ, 19 Նոյեմբեր 2021-ին։
Կազմակերպուած առցանց լսարանները որպէս կեդրոնական նիւթ առած էին աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ՝ յատկապէս Ամերիկայի, Ափրիկէի, Լատին Ամերիկայի, Գանատայի եւ Միջին Արեւելքի, բնիկ ժողովուրդներու դէմ գործուած բռնութիւնները, սպաննութիւններն ու ջարդերը եւ յատկապէս գաղութարարութեան ժամանակահատուածէն ետք տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններն ու ներկայիս շարունակուող, պարտադիր տեղափոխութիւնները ու կրօնափոխութիւնները, հողերու եւ ջուրերու վարակումները, բնիկ աղջիկներու եւ տղոց անհետացումներն ու իրաւունքներու ջատագովներու սպաննութիւնները։
Միջին Արեւելքի նուիրուած առցանց լսարանին կեդրոնական նիւթն էր ինչպէ՞ս ճանաչնալ այս ողբերգութիւնները եւ ոգեկոչել յիշատակը զոհուածներուն. ինչպէ՞ս արժեւորել վերապրողներու հերոսութիւններն ու անոնց դիմակայելու ոյժը, ճկունութիւնը` ապրելու եւ գոյատեւելու. ինչպէ՞ս վերապրողները կը յարգեն ու կը պատուեն իրենց նահատակները. ի՞նչ միջոցներ կ՚օգտագործեն մոռացութենէ փրկելու ու յաւերժացնելու յիշատակը իրենց նահատակներուն եւ պայքարելու ժխտողականութեան դէմ։
Իբրեւ եկեղեցիներու տիեզերական կոչում (Ecumenical Calling), Ե.Հ.Խ.ը կը հրաւիրէ աշխարհի բոլոր եկեղեցիները յանձնառու դառնալու եւ հաւաքաբար պայքարելու խաղաղութիւնն ու արդարութիւնը կործանող սպառնալիքներուն դէմ։ Այս նպատակով կազմակերպուած առցանց լսարանին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջին Արեւելիքի մէջ ցեղասպանութեան եւ հալածանքներու ենթարկուած ժողովուրդներէն ներկայացուցիչներ՝ արտայատուելու իրենց փորձառութիւններուն եւ ազգային դիրքորոշումներուն մասին, ինչպէս նաեւ անոնց վարած քաղաքականութեան եւ օգտագործած միջոցներուն՝ զոհուածները մոռացութենէ փրկելու եւ անոնց յիշատակը յարգելու։
Առցանց լսարանի մասնակիցները ներկայացուց Ե.Հ.Խ.ի Միջազգային Յանձանաժողովի (International Affairs) բաժանմունքի պատասխանտու Ասֆաու Սէմէնկիշ Կրոժան եւ «Հոգեւոր Կեանք» բաժանմունքի պատասխանատու դոկտ. Մայք Ռոպըրթց։
Լսարանը վարեց եւ բացման ու փակման խօսքերը արտասանեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Ժողովի անդամ եւ Ե.Հ.Խ.ի Առաքելութիւն Դէպի Արդարութիւն Եւ Խաղաղութիւն ծրագիրին մէջ Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ Սեդա Խտըշեան։
Առցանց լսարանին հանդէս եկաւ Ժընեւի մէջ Կաթողիկոսարանի միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց ներկայացուցիչ եւ Ե.Հ.Խ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ փրոֆ. Թենի Փիրի-Սիմոնեան։ Փրոֆ. Սիմոնեան ներկայացուց Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու անոր յիշողութիւնը պահելու հայ ժողովուրդին ճիգերը՝ կեդրոնանալով այս ծիրին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան աշխոյժ գործունէութեան եւ յատկապէս Սիսի պատմական Կաթողիկոսարանի կալուածներու պահանջքի գծով տարուած աշխատանքներուն ու Թուրքիոյ դէմ բացուած իրաւական դատական հայցին վրայ։
Յայտնենք, որ յաջորդաբար զեկոյցներ ներկայացուցին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (Մ.Ա.Ե.Խ.) ընդհանուր քարտուղար դոկտ. Միշէլ Ապսը, Սապրի Աթմանը եւ Իրանքի քիւրտերու շրջանի ներկայացուցիչ դոկտ. Քարամանժ Օսմանը։