«ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՆԵՑՈՒԿԸ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄԻՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Երկուշաբթի, 20 Դեկտեմբեր 2021-ին, կարճ այցելութեամբ Լիբանան ժամանած Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան (Մ.Ա.Կ.) ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես, աւելի քան երկու ժամ տեւած հանդիպում մը ունեցաւ մարոնիթ, յոյն ուղղափառ, հայ, սիւննի, շիիթ եւ տիւրզի համայնքներու հոգեւոր պետերուն հետ: Հանդիպումը սկսաւ ընդհանուր քարտուղարին բացման խօսքով, ուր ան յայտնեց, թէ միջազգային համայնքը մտահոգ է Լիբանանով, ան պէտք է աւելին…