Շաբաթ, 27 Նոյեմբեր 2021-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին այցելեց Կիպրոսի հայութեան պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանը, իր տիկնոջ ընկերակցութեամբ։ Մահտեսեան յատուկ կերպով ժամանած էր Լիբանան՝ իր վերընտրութեան առիթով Վեհափառ Հայրապետին օրհնութիւնը ստանալու եւ թելադրանքները լսելու համար։
Հայրապետը իր ջերմ շնորհաւորութիւնը յայտնեց Մահտեսեանին, ինչպէս նաեւ իր բարձր գնահատանքը՝ Կիպրոսի հայութեան մատուցած ծառայութեան համար՝ շեշտելով, որ անոր վերընտրութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւն մըն է անոր նկատմամբ Կիպրոսի հայութեան ունեցած գնահատանքին ու վստահութեան։ Նորին Սրբութիւնը առաւել յաջողութիւն մաղթեց կիպրահայ ներկայացուցիչին՝ գաղութին համար ունեցած ծրագիրներուն ու յառաջիկայ աշխատանքներուն մէջ։