14 February, 2022

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ Կ՚ԱՅՑԵԼԷ ՆՈՐ ՍԻՍԻ Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑԻ

Բարձր հովանաւորութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 14 Փետրուար 2022-ին, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով։ Ս. Պատարագը մատուցեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Շահէ Արք. Փանոսեան։

 

Այս առիթով, առաւօտեան ժամը 10։15-ին, Հ.Յ.Դ. «Ազիրեան» ակումբին դիմաց տեղի ունեցաւ ժողովրդային ընդունելութիւն ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին։ Ներկայ էին պետական երեսփոխան Յակոբ Թերզեան, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներ, Ազգային Վարչութեան անդամներ, ազգային երեսփոխաններ, Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետներ, եկեղեցւոյ թաղականութեան անդամներ, շրջանի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, բարերարներ եւ հոծ բազմութիւն։ Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորուեցաւ ծաղկեփունջով եւ տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը նուագեց Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգները, որմէ ետք, գլխաւորութեամբ շեփորախումբին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտներուն, թափօրը ուղղուեցաւ դէպի Ս. Սարգիս եկեղեցի, ուր դարձեալ տեղի ունեցաւ ոչխարի զենում, աղ ու հացի օրհնութիւն, ապա Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբը նուագեց «Կիլիկիա» մաղթերգը, որմէ ետք Նորին Սրբութիւնը մուտք գործեց եկեղեցի։

 

Պատարագի աւարտին Հայրապետին ձեռամբ կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն։ Այնուհետեւ, առաջնորդ սրբազան հայրը ողջունեց Վեհափառ Հօր ներկայութիւնը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։ Ան նկատել տուաւ, որ Աստուած եւ մեր սուրբերը մեր ժողովուրդին հետ են միշտ, նոյնիսկ մեր ապրած տագնապներուն եւ փորձութիւններուն մէջ՝ աւելցնելով, որ Վեհափառ Հայրապետը եւս շարունակաբար մեր ժողովուրդին հետ է, որպէսզի հոգեպէս ու բարոյապէս մենք մնանք զօրեղ, ազգայնօրէն ըլլանք արթուն եւ տոկուն։ Այս եզակի առիթով սրբազանը վստահեցուց, որ հակառակ մեր դիմագրաւած արտասովոր պայմաններուն, մեր ժողովուրդը կը շարունակէ իր եկեղեցիներէն եւ համայնքային կառոյցներէն ներս հաւատարմօրէն իր կեանքը ապրիլ իր քրիստոնէական հաւատքով ու յարատեւել ազգային արժէքներու գիտակցութեամբ։ Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ մեր ժողովուրդը կը շարունակէ հաւատալ, որ մեր սուրբերը երկինքէն կը նային մեզի եւ իրենց գերագոյնը կ՚ընծայեն, որպէսզի ծանր տագնապներէ անցնող լիբանանեան մեր կեանքը արժանանայ Աստուծոյ ամէնազօր ողորմածութեան՝ աւելցնելով, որ շնորհիւ այդ հաւատքին, Պուրճ Համուտը կը մնայ հայադրոշմ եւ Նոր Սիսն ալ կը մնայ խիզախ ու անջնջելի։ «Վեհափառ Տէր, այսօր Դուք եկած էք մեզի հետ աղօթելու, մեզի ոյժ տալու, նոր յոյս թելադրելու եւ մեր նայուածքը դէպի ապագայ ուղղելով մեր ընելիքներուն համար մեզի նոր հորիզոններ ցոյց տալու» հաստատեց սրբազանը եւ հրաւիրեց Արամ Ա. Կաթողիկոսը փոխանցելու հաւատացեալ ժողովուրդին իր Հայրապետական պատգամը։

 

Նորին Սուրբ Օծութիւնը գոհութիւն եւ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս այս հոգեպարար առիթը ընծայեց իրեն ըլլալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ։ «Ժողովուրդին հետ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ ներկայութիւնը ապրիլ, որովհետեւ Աստուծոյ հաւատացող ժողովուրդը Աստուծոյ ժողովուրդն է։ Ժողովուրդին հետ ըլլալ կը նշանակէ հայրենիքին հետ ըլլալ, որովհետեւ հայրենիքը սոսկ հող, ջուր, քար չէ, այլ ժողովուրդ է։ Ժողովուրդին հետ ըլլալ կը նշանակէ եկեղեցւոյ հետ ըլլալ, որովհետեւ եկեղեցին իր զանազան կերպերէն անդին ժողովուրդն է՝ իր էութեամբ եւ իր առաքելութեամբ։ Ահա թէ ինչու ժողովուրդն է բոլոր կառոյցներուն, բոլոր կազմակերպութիւններուն որեւէ բնոյթի աղբիւրը, առանցքը, ոյժը, ինքնութիւնը։ Հետեւաբար, ամէն անգամ երբ ժողովուրդին հետ ըլլամ, ժողովուրդին ներկայութիւնը ինծի համար կը դառնայ յիշեցում, թէ մենք ոչինչ ենք առանց ժողովուրդին։ Ժողովուրդի ներկայութիւնը յիշեցում մը կը դառնայ այն առաքելութեան, որուն լծուած ենք» շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը՝ նկատել տալով, որ այս պատճառով ինք անհուն ուրախութեամբ կ՚ողջունէ բոլոր ներկայ հաւատացեալները, թեմի առաջնորդ սրբազանը, Ազգային Իշխանութիւնը, թեմէն ներս գործող բոլոր կառոյցները, որոնք լծուած են զանազան կերպերով ժողովուրդին ծառայութեան։ Արամ Ա. Կաթողիկոսը ողջունեց նաեւ Պուրճ Համուտի եւ Այնճարի քաղաքապետները եւ բոլոր յարակից մարմինները ու կառոյցները։ Ան նաեւ ողջունեց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղականութիւնը եւ յարակից բոլոր կառոյցները, որոնք միշտ լծուած են մեր ժողովուրդի ծառայութեան։ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. «Սա պահուն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ճամբով լիբանանահայութեան կ՚ուզեմ երեք յիշեցումներ եւ թելադրութիւններ կատարել.

 

ա) Հարկ է, որ մենք միասնաբար եկեղեցի դառնանք։ Կ՚ուզեմ շեշտել՝ եկեղեցի՛ դառնանք։ Եկեղեցին վայր մը չէ լոկ, ուր կ՚երթանք։ Եկեղեցին ծէս չէ սոսկ, որուն կը մասնակցինք։ Եկեղեցին դուք էք, մենք ենք՝ միասնաբար։ Եկեղեցի պիտի դառնանք Քրիստոսի ներկայութիւնը ապրելով։ Եկեղեցի պիտի դառնանք Քրիստոսի աշխարհ բերած ճշմարտութիւնները, արժէքները, սկզբունքները ապրելով, մեր կեանքին մէջ կեանքի վերածելով։ Եկեղեցի պիտի դառնանք Քրիստոսի ցոյց տուած ճամբէն քալելով։ Եկեղեցի դառնալ կը նշանակէ մասնակից դառնալ մեր եկեղեցւոյ կեանքին եւ մասնակից դառնալու զանազան կերպեր կան։ Հետեւաբար, Լիբանանի թեմէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիները, մեր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ պիտի դառնան եկեղեցի։ Մեր ժողովուրդը կոչուած է իր մասնակցութիւնը բերելու եկեղեցւոյ կեանքին ու վկայութեան։

 

բ) Յաճախ մենք կը կրկնենք, թէ Լիբանանի հայութեան վերականգնումին հարկ է մասնակից դառնալ։ Լիբանանի հայութիւնը վերականգնումի, վերածաղկումի ընթացքի մէջ է։ Լիբանանի հայութիւնը կարիքաւորներու ամբողջութիւն մը չէ։ Հակառակ այն իրողութեան, որ ամբողջ Լիբանանը, նաեւ մենք, կարիքներ ունինք, մտահոգութիւններ ունինք, տնտեսական տանգնապի մէջ ենք, սակայն աղքատներ չենք, խեղճեր չենք, կարիքաւորներ չենք, մուրացկաններ չենք, արժանապատուութեամբ մենք մեր բոլոր տեսակի դժուարութիւնները կը դիմագրաւենք, հակառակ մեր տեսակ-տեսակ դժուարութիւններուն ու կարիքներուն։ Ահա թէ ինչու մենք պէտք է մասնակից դառնանք Լիբանանի մեր հաւաքական վերականգնումին՝ որպէս հայ համայնք վերածաղկումի, վերակազմակերպումի մեր ճիգին շրջապատելով մեր կառոյցները։ Մենք հպարտ ենք եւ ուրախ, որ մեր կեանքէն ներս կը գործեն կրօնական, քաղաքական, բարեսիրական, մշակութային եւ այլ կառոյցներ։ Սակայն կառոյցները կը դառնան կազմակերպ ու ծաղկուն մեր մասնակցութեամբ։ Ես կ՚ուզեմ, որ մեր եկեղեցիները, մեր ակումբները, մեր սրահները, մեր դպրոցները լեցուին մեր ժողովուրդի զաւակներով, լեցուին յատկապէս մեր երիտասարդներով, այլապէս ի՞նչ կ՚արժեն գեղեցիկ եկեղեցիներ, գեղեցիկ ակումբներ, գեղեցիկ սրահներ, երբ դատարկ են մարդէ։ Մարդն է մեր համայնքը, մեր հայրենիքը, մեր կազմակերպութիւնները արժեւորողը։ Այս գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ մեր զաւակները կոչուած են մեր կառոյցներու կեանքին մասնակից դառնալու։ Հայ ըլլալ կը նշանակէ մեր հաւաքական կեանքին մասնակից դառնալ, որովհետեւ հայութիւնը հաւաքական կեանք է, հայութիւնը անհատներու աններդաշնակ ամբողջութիւն մը չէ եւ այդ կեանքին մեր մասնակցութեամբ մեր հայութիւնը կ՚ապրինք ու կ՚ապրեցնենք։

 

գ) Իմ յիշեցումս եւ թելադրութիւնս բոլոր սիսեցիներուն է, ներկայ թէ բացակայ, Լիբանանի մէջ թէ աշխահի տարածքին։ Ես վստահ եմ, որ իւրաքանչիւր սիսեցի գիտէ իր պատմութիւնը։ Գիտէ, թէ Սիսը Կիլիկեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը եղած է, Սիսի մէջ հաստատուած է Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը եւ այնքան նոյնացած Սիսի ժողովուրդին հետ, որ նոյնիսկ պատմութեան ընթացքին կոչուած է Սսոյ Կաթողիկոսութիւն։ Ես վստահ եմ, որ մեր ժողովուրդի զաւակները գիտեն, որ 2015 թուականին, պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը թուրք պետութեան դէմ դատ բացաւ՝ պահանջելով Սիսի բարձրունքին վրայ հաստատուած Կիլիկիոյ Կաթողիկոսարանը եւ մենք հակառակ մեր իրաւական դժուարութիւններուն այս դատը կը շարունակենք եւ պիտի շարունակենք։ Ես վստահ եմ, որ աշխարհատարած սիսեցիները գիտեն, որ ցեղասպանութենէն ետք այս շրջանը դարձաւ Նոր Սիս եւ այս եկեղեցին Ս. Սարգիս կոչուեցաւ շարունակելով պատմական Սսոյ աւանդութիւնները, որովհետեւ ժողովուրդ մը իր ինքնութիւնը կը պահէ իր աւանդութիւններով։ Ես վստահ եմ, որ սիսեցիները ուր որ գացին իրենց հետ տարին Սիսը, իբրեւ ոգեղէն ներկայութիւն, իր անցեալով, իր աւանդութիւններով, իր սովորութիւններով։ Հետեւաբար, իմ թելադրութիւնս է աշխարհի տարածքին ապրող բոլոր սիսեցիներուն՝ մի՛ մոռնաք ձեր անցեալը, մի՛ մոռնաք ձեր արմատները, մի՛ մոռնաք Ս. Սարգիս եկեղեցին, մի՛ մոռնաք այս Նոր Սիս թաղը եւ ձեր կապուածութիւնը պէտք է գործնապէս արտայայտէք այս եկեղեցւոյ, այս թաղին, այստեղ ապրող, գործող եւ ծառայող կառոյցներուն եւ շրջանի մեր ժողովուրդի զաւակներուն նկատմամբ»։

 

Եզրափակելով իր խօսքը՝ Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, որ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ տօնը մեր բոլորին հաւաքական տօնն է եւ մաղթեց, որ Ս. Սարգիսի կեանքէն, առաքելութենէն բխող արժէքներն ու արժանիքները մեր կեանքին մէջ թարգմանենք. ան նաեւ աղօթեց առ Աստուած, որ Իր երկնային բարիքներով առողջութեամբ, յաջողութեամբ ու երջանկութեամբ լեցնէ մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ մեր բոլոր ընտանիքներուն կեանքը։

 

Ս. Պատարագը աւարտեցաւ «Կիլիկիա» քայլերգով։