ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ՀԱԼԷՊԻ ՄԷՋ ԿԸ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԻՆ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՈՒ Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԴԱՇՏԸ

Սուրիոյ տագնապէն ետք, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի աշխատանքները միշտ կը մնան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կարեւոր առաջնահերթութիւններէն մէկը: Անցնող տարիներուն Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իր այցելութիւններով եւ այլ աշխատանքներով, ո՛չ միայն քաջալերեց Սուրիոյ հայութեան վերակազմակերպումն ու վերականգնումը, այլ նաեւ նեցուկ ու մասնակից դարձաւ վերականգնումին նպաստող շարք մը ծրագիրներու իրագործման:   Այս ծիրէն ներս, Հոլանտայի եկեղեցիներուն…