«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է, ՈՐ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՈՒՆԵՑԱԾ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ԱՄԲՈՂՋԱՆԱՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՅ-ԻՍԼԱՄ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՈՎ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՄԷՋ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Չորեքշաբթի, 2 Փետրուար 2022-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Պքերքէի մարոնիթ եկեղեցւոյ պատրիարքարանին մէջ, առանձին հանդիպում մը ունեցաւ Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար՝ Քալակար Արքեպիսկոպոսին հետ:     Նորին Սրբութիւնն ու նախարարը ընդհանուր արժեւորում մը կատարեցին 1 Յուլիս 2021-ին Վատիկանի մէջ տեղի ունեցած Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր պետերու ժողովին ու անոր անդրադարձին Լիբանանէն ներս: Վատիկանի արտաքին գործոց…