«ԴՈՒՔ ԱՌԱՆՁԻՆ ՉԷ՛Ք…»

Ծառայութեան մեծութիւնը… կեանքի նշանաբանը իւրաքանչիւր հոգեւորականի, որուն ճակատը Անթիլիասի Սուրբ Միւռոնով օծուած է։ Բազմիցս Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետէն լսած եմ ծառայելու վեհութեան մասին։ Ծառայութեան մեծութիւնը տեսայ եւ ապրեցայ մորթիս վրայ, երբ Պուրճ Համուտի Արագած թաղամասին մէջ Հովուապետ եւ հօտ՝ հայր ու որդի զիրար հանդիպեցան։

 

Երբ մտահոգուած դէմքերը՝ սկսան ժպտալ։

Երբ «Հայրապետը մեզի եկաւ»՝ կը փսփսային։

Երբ «Ձեր ներկայութեամբ տունս օրհնուեցաւ, Վեհափառ», ծերունին արտայայտուեցաւ։

Երբ աչքերը արցունքոտեցան եւ եթէ չամչնար՝ ալեհեր մայրիկը պիտի փաթթուէր Հայրապետին…։

Երբ մանուկներ եւ պատանիներ անհամբեր, սակայն զարմանքով կը նայէին, եթէ իսկապէս Հայրապետը իրենց քով եկած էր։

«Երբ»երը տակաւին բազմաթիւ ու բազմազան են…։

 

Երբ առանձնացայ սկսայ մտածել, թէ ժողովուրդը որքա՜ն կարիքը ունի իսկական եկեղեցականներու։ Եկեղեցականներու, որոնք կրնան հասկնալ իրենց վստահուած ժողովուրդին մտահոգութիւններն ու դժուարութիւնները։ Խորհեցայ, թէ անոնք որքան մեզմով կրնան մխիթարուիլ։ Խորհեցայ, թէ անոնք որքան կրնան մեր ներկայութեամբ մոռնալ իրենց առօրեայ տագնապը։ Եւ, հասկցայ, որ հոգեւորական ըլլալ կը նշանակէ ո՛չ միայն ծառայող ըլլալ, այլեւ՝ ծառայող մնալ։ Մենք ժողովուրդին ստրուկը չե՛նք, սակայն անոնց մնայուն ծառանե՛րն ենք։

 

Շատե՜ր շատ արտայայտութիւններ ունեցան, սակայն անոնցմէ մին միայն կ՚ուզեմ յիշել. «Վեհափառ Տէ՛ր, մենք շատ մեծ դժուարութիւններու մէջ ենք, սակայն այսօրուան Ձեր այցելութիւնը մեզի այդ բոլորը մոռցնել տուաւ»։ Այս խօսքերը թելադրուած կամ նախապատրաստուած խօսքեր չէին, այլ՝ ծերունիի մը իսկական զգացումներն ու ապրումները՝ իրենց ինքնաբուխ տարազով ներկայացուած։ Ինչպէ՞ս անիկա, եւ անոնք ուրախ եւ ապահով պիտի չզգային, երբ Վեհափառը անոնց կը խոստանար, որ իրենք առանձին չե՛ն։ Երբ կը խոստանար՝ իրենց կողքին Հայրապետ ունին։ Երբ կը խոստանար՝ իրենց կողքին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ունին, իր բոլոր միաբան հայրերով, անխտի՛ր։

 

Վստահ եմ, որ այդ օր հայ ծերունիներուն, երիտասարդներուն, պատանիներուն ու մանուկներուն համար տարբեր ու իւրայատուկ օր եղաւ։ Վստահ եմ, որ անոնք վերջապէս հանգիստ քուն մը ունեցան, որովհետեւ իսկապէս որ այնքա՛ն մխիթարուած էին։

 

Սիրելի՛ կարիքաւոր հայ ընտանիք, դուն առանձին չե՛ս, դուն մինակ չե՛ս: Դուն դժուարութիւններուդ մէջ քու կողքիդ Աստուա՛ծ ունիս, դուն մտահոգութիւններուդ մէջ քու կողքիդ հոգեւորականնե՛ր ունիս, դուն տագնապներուդ մէջ քու կողքիդ Հայ Եկեղեցի՛ն ունիս, դուն նեղութեանդ մէջ քու կողքիդ մեր եւ քու եւ բոլորին Սուրբ Աթո՛ռը ունիս. վստա՛հ եղիր դուն մեզի՛ ունիս։

 

Դարձեա՛լ պիտի գանք։

Դարձեա՛լ պիտի այցելենք։

Դարձեա՛լ պիտի հանդիպինք։

Դարձեա՛լ պիտի ժպտաք։

Դարձեա՛լ հանգիստ պիտի քնանաք։

Դարձեա՛լ մեզ պիտի հիւրընկալէք։

 

Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ մենք ձեր կողքին ենք, դուք առանձին չէ՛ք, դուք մեզի՛ ունիք, մենք ձեզի կը ծառայենք ու պիտի ծառայենք։ Ա՛յս է Անթիլիասը՝ իր Վեհափառ Հայրապետով։

 

Այստեղ՝ այլ ծերունիի մը մաղթանքով կ՚աւարտեմ՝ ուղղուած Նորին Սրբութեան. «Վեհափա՛ռ, Աստուած Ձեզի երկա՜ր-երկա՜ր կեանք պարգեւէ, ինչպէս այսօր ուրախացուցիք մեզ, նոյնպէս եւս Աստուած ձեր բոլոր օրերը ուրախ ու ժպիտով ընէ, մեր գլխէն անպակաս մնաք». ամէն։

 

Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան