Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԸ
Ուրբաթ, 20 Նոյեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Հայր Միշէլ Ժալըխը: Ընդհանուր Քարտուղարը Վեհափառ Հայրապետին շնորհակալութիւն յայտնեց, 3-4 Նոյեմբեր 2015-ին Գահիրէի մէջ, իբր Խորհուրդին Նախագահ, Գործադիր Վարչութեան ժողովին մասնակցութեան համար: Վեհափառ Հայրապետը յայտնեց, թէ Միջին Արեւելքի դիմագրաւած այս տագնապին դիմաց ՄԱԵԽ-ը կարեւոր դերակատարութիւն ունի,…