«ԱՆՀՐԱԺԵՇՏ Է ՆՈՐ ՄՂՈՒՄ ՏԱԼ 100 ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ԵՐԿԱՐՈՂ ՀԱՅ-ԶՈՒԻՑԵՐԻԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս

22-27 Սեպտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդառաջելով Զուիցերիոյ Բողոքական Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս Հիմնարկին հրաւէրներուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Զուիցերիա: Սոյն այցելութեան ընթացքին Վեհափառ Հայրապետին ընկերացող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ.…