«Կրօնական ծայրայեղականութիւնը ներկայ աշխարհի ամէնէն մտահոգիչ չարիքներէն մէկն է: Հետեւաբար, ընկերութեան կեանքէն զայն արմատախիլ ընելը համամարդկային ու համաշխարհային մօտեցում կ’ենթադրէ՝ քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կրօնական եւ այլ ազդու միջոցներու ծրագրուած օգտագործումով» շեշտեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարի բացման նիստին:
Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին կողմէ 2012 թուականին հաստատուած միջ-կրօնական երկխօսութիւնը զարգացնելու կոչուած կեդրոնին կողմէ: Յայտնենք, որ սոյն կեդրոնը կը ֆինանսաւորուի Սէուտական Արաբիոյ կողմէ, միաժամանակ ան Աւստրիոյ ու Սպանիոյ պետութեանց եւ Վատիկանի հովանաւորութիւնը կը վայելէ:
2-3 Սեպտեմբեր 2015-ին տեղի ունեցած համագումարին ընդհանուր խորագիրն էր «Քրիստոնեայ-իսլամ խաղաղ համագոյակցութեան ամրապնդումը եւ համաքաղաքացիութեան կարեւորութիւնը»: Համագումարին կը մասնակցէին շուրջ 50 քրիստոնեայ-իսլամ հոգեւոր պետեր, համալսարանի դասախօսներ ու մասնագէտներ, ինչպէս նաեւ Յունաստանի, Վատիկանի, Աւստրիոյ, Սպանիոյ եւ Մալթայի ներկայացուցիչները:
Վեհափառ Հայրապետը սոյն համագումարին հրաւիրուած էր իբր գլխաւոր դասախօս: Նորին Սրբութիւնը իր դասախօսութիւնը ամփոփած էր չորս կէտերու մէջ.-
1. Միջ-կրօնական երկխօսութիւնը ներկայ համաշխարհայնացած աշխարհին մէջ նախընտրութեան հարց չէ, այլ՝ հրամայական անհրաժեշտութիւն: Համաշխարհայնացումը քանդած է բոլոր տեսակի բաժանման պատերը ու սահմանները, հեռաւորութիւնները փաստօրէն անհետացած են եւ տարբեր կրօններու, ցեղերու ու մշակոյթներու պատկանող մարդիկ դարձած են դրացիներ: Հետեւաբար, երկխօսութիւնը գոյութենական ներկայութիւն է եւ ոչ թէ գաղափարներու փոխանակում: Այս կացութեան մէջ կրօններու երկխօսութիւնը պէտք է տարբեր ձեւ ու որակ ստանայ: Երկխօսութիւնը պէտք է վերածուի գործակցութեան ու գործակցութիւնը պէտք է ամրապնդէ կրօններու համագոյակցութիւնը: Այս ծիրէն ներս Վեհափառ Հայրապետը կարեւորութեամբ ընդգծեց փոխադարձ վստահութեան ամրապնդումը, որպէս համագոյակցութեան ամէնէն ապահով խարիսխը: Ան նաեւ լայնօրէն անդրադարձաւ երկխօսութեան նպատակին ու մեթոտին մասին:
2. Իր երկրորդ կէտին մէջ Վեհափառ Հայրապետը խօսեցաւ Միջին Արեւելքէն ներս քրիստոնէութեան ներկայութեան մասին: Դարեր շարունակ այս երկու միաստուածեան կրօնները միասին ապրած են, երբեմն լարուածութիւն ու նոյնիսկ բախում տեղի ունեցած է անոնց միջեւ, սակայն համագոյակցութիւնը տիրապետող ներկայութիւն եղած է իրենց պատմութեան ընթացքին: Այսօր փաստօրէն այդ գոյակցութիւնը սկսած է խանգարուիլ իսլամ ծայրայեղ ուժերուն կողմէ: Արամ Ա. Կաթողիկոս այս երեւոյթին անդրադառնալով ըսաւ՝ իսլամ ծայրայեղականութիւնը ո՛չ միայն վտանգ է քրիստոնէութեան, այլ առաջին հերթին՝ իսլամութեան. եւ աւելին ան ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի պատկանող երեւոյթ մըն է, այլ համայն աշխարհին: Հետեւաբար, համապարփակ մարտավարութիւն ու ռազմավարութիւն պէտք է մշակել, դիմագրաւելու համար ներկայ ընկերութեան այս չարիքը:
3. Նորին Սրբութիւնը իր պատկերացումը ներկայացուց համաքաղաքացիութեան հարցին գծով: Ան ըսաւ նուրբ ու բարդ հարց մըն է այս հարցը եւ Միջին Արեւելքի տարբեր երկիրներէն ներս տարբեր ձեւով կը ներկայանայ այս հարցը: Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, որ կրօնական ինքնութիւնը մեզ իրարմէ կը զանազանէ, սակայն հաւաքական քաղաքացիութիւնը մեզ կը միացնէ: Այս ծիրէն ներս անհրաժեշտ է լուրջ քննարկում ունենալ կրօնական ու քաղաքացիական ինքնութիւններու տարբերութեան ու յարակցութեան շուրջ: Արամ Ա. Կաթողիկոս նաեւ յայտնեց, թէ հաւաքական քաղաքացիութիւնը կ’ենթադրէ հաւասարութիւն, համարժէք պարտաւորութիւններ ու իրաւունքներ եւ ամբողջական մասնակցութիւն ընկերային ու քաղաքական կեանքէն ներս: Այսպէս չէ իրողութիւնը շրջանի շարք մը երկիրներէն ներս: Հակասութիւն մը գոյութիւն ունի տեսական համաքաղաքացիութեան ու անոր գործնական արտայայտութեան միջեւ:
4. Իր վերջին կէտին մէջ Նորին Սրբութիւնը շեշտեց, թէ Միջին Արեւելքը ո՛չ միայն ծննդավայրն է քրիստոնէութեան, այլ նաեւ՝ քրիստոնեայ եկեղեցիները իրենց խոր արմատները ունին շրջանէն ներս: Անոնք որպէս համահաւասար քաղաքացիներ չեն ընդունիր որ փոքրամասնութիւն են: Եկեղեցիները դէմ են արտագաղթի՝ հակառակ այն իրողութեան որ ամէն օր քրիստոնեաներ կը հեռանան շրջանէն: Այս ուղղութեամբ քրիստոնեաները պաշտպանելու, առողջ միջավայր ստեղծելու, վստահութիւն ներշնչելու ու զօրակցութիւն յայտնելու գծով կարեւոր դեր ունին իսլամ կրօնական ու քաղաքական ղեկավարները: Կրօններու եւ մշակոյթներու զանազանութիւնը Միջին Արեւելքի եզակի հարստութիւններէն մէկն է՝ ամէն գնով պէտք է պահել զայն: Իր դասախօսութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը շարք մը հարցադրումներ կատարեց, որոնք համագումարի ընթացքին կը կարօտին աւելի լայն քննարկումներու, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը:
Համագումարի աւարտին կատարուեցաւ ընդհանուր յայտարարութիւն մը քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան կարեւորութիւնը շեշտող: Յայտնենք, որ յիշեալ յայտարարութեան պատրաստութեան մէջ Արամ Ա. Կաթողիկոս ունեցաւ իր կարեւոր դերը:
Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին կողքին ժողովին իր մասնակցութիւնը բերաւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան: