Հովանաւորութեամբ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին եւ կազմակերպութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդական Բաժանմունքին, Շաբաթ, 24 Հոկտեմբեր 2015-ին, «Կիլիկիա» Թանգարանի Կիւլպէնկեան սրահէն ներս տեղի ունեցաւ «Ցեղասպանութիւններու Ճանաչում եւ Կանխարգիլում» թեմայով երիտասարդական միօրեայ համագումար, որուն մասնակից դարձան հայկական եւ օտար երիտասարդական ու եկեղեցական միութիւններու ներկայացուցիչները:
Համագումարին բացումը կատարեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը: Ողջունելէ ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Երիտասարդաց Բաժանմունքի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած համագումարը, ընդհանուր ակնարկ մը նետեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին կարեւորութեան։ Վեհափառ Հայրապետը յիշեցուց, թէ 100-ամեակի իմաստն ու նպատակը երեք բառերու մէջ խտացուած է՝ Յիշել, Յիշեցնել ու Պահանջել։ Նորին Սրբութիւնը բացատրեց իւրաքանչիւր բառին իմաստը Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներու ձեռքբերման ծիրէն ներս։ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը կրօնական նկարագիր չունի. ան պատմական իրողութիւն է և հետեւաբար Թուրքիան չի կրնար զայն ուրանալ։ Նոր Ցեղասպանութիւններուն կանխարգիլումը կ’ենթադրէ անցեալի ցեղասպանութիւններու դատապարտում», ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը։
Նորին Սրբութեան խօսքէն ետք, առաջին նիստին՝ Կրօնքին Դերակատարութիւնը Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Մէջ, Վերպ. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան զեկուցեց ներկայացնելով քրիստոնէական մօտեցումը: Ան անդրադարձաւ քրիստոնէութեան խաղաղութեան վրայ հաստատուած ըլլալուն, խաղաղութիւն մը, որ կ’արտացոլայ ամենօրեայ կեանքին մէջ, թէ ներքին հոգեմտաւոր աշխարհին ու թէ արտաքին ամենօրեայ հեւքին մէջ: Խօսելով ցեղասպանութեան կանխարգիլման մասին ան նշեց, որ քրիստոնէութիւնը չի կրնար դիտորդի կեցուածք որդեգրել, որովհետեւ Աստուած հարստահարուածներուն կողքին է եւ հետեւաբար քրիստոնէութիւնը ուրիշ կեցուածք չի կրնար ունենալ:
Առաջին նիստին երկրորդ զեկուցաբերն էր Դոկտ. Մուհամմէտ Սամմաք, որ անդրադարձաւ նոյն նիւթին, սակայն ներկայացուց իսլամական մօտեցումը: Զեկոյցին սկիզբը ան ընդգծեց, թէ իսլամական կրօնքը չէ, որ մղեց թուրքերը ցեղասպանութիւն գործելու, որովհետեւ կրօնքը չի կրնար ոճրագործութիւն կատարել՝ կրօնքը դէմ է ոճրագործութեան: Ապա ան պատմական օրինակներ տուաւ ցոյց տալով իսլամ կրօնքին հանդուրժողական կեցուածքը:
Համագումարը շարունակուեցաւ յաջորդական երեք նիստերով, որոնց ընթացքին հերթաբար զեկուցումներ կատարուեցան հետեւեալ նիւթերով.
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ Պայքար.
Դոկտ. Զաւէն Մսրլեան՝ Ցեղասպանութեան Կանխամտածուած Բնութիւնը
Տիար Գէորգ Յակոբճեան՝ Հայկական Հարցը եւ Միջազգային Օրէնքը
Երիտասարդութեան Դերը Ցեղասպանութեան Ճանաչման եւ Հատուցման Մէջ.
Օրիորդ Աքասիա Փոլատեան՝Մասնագիտութիւններ, Քարոզչութիւն (advocacy) եւ Իրազեկութեան Բարձրացում (raising awareness)
Օրիորդ Արազ Գոճայեան՝ Երիտասարդական Երկխօսութեան Դերը Հակամարտութիւններու Լուծման Մէջ Երիտասարդութեան Դերը Ցեղասպանութեան Կանխարգիլման Մէջ.
Պրն. Րաֆֆի Չիլինկիրեան՝ Կանխարգիլման Միջոցներ
Օրդ. Լէյլա Նիքոլաս՝ Ծայրայեղականութեան Ծագումը եւ Շարունակուող Ցեղասպանութիւնները
Յայտնենք, որ իւրաքանչիւր նիստի աւարտին տեղի ունեցան շինիչ քննարկումներ ինչպէս նաեւ աշխատանոցներ: Չորրորդ նիստի աւարտին ներկաներուն ցուցադրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Զաւարեան Ուսանողական Միութեան կողմէ պատրաստուած «Բոլոր Ցեղասպանութիւններուն Դէմ» տեսերիզը:
Փակման խօսքը կատարեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղար Դոկտ. Միշէլ Ժալըխը: Ան իր եզրափակիչ խօսքին մէջ գնահատեց Կաթողիկոսարանի Երիտասարդական Բաժանմունքը իր համագործակցութեան համար, ապա շեշտեց ցեղասպանութիւնները կանխարգիլելու կարեւորութիւնը՝ մանաւանդ Միջին Արեւելքէն ներս եւ այդ գծով աշխատանք տանելու կոչ ուղղեց երիտասարդութեան: