ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՀԱԶԱՐԱՒՈՐ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԱՅ ՎԵՐԱՓՈԽՄԱՆ ՏՕՆԻՆ

«Հարիւր տարիներ առաջ գաղթական դարձած այս Սուրբ Աթոռը այսօր պայծառակերպուած է իր կեանքով ու առաքելութեամբ եւ խոր գիտակցութեամբ ու բարձրագոյն աստիճանի նուիրումով կը ծառայէ մեր եկեղեցւոյ, մեր հայրենիքին ու ազգին» Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Սուրբ Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը, որ մեր եկեղեցւոյ հայրերուն դասաւորումով իբր տաղաւար տօն նկատուած է, յատուկ տեղ ունի մեր եկեղեցւոյ արարողակարգին ու…

ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԱԿԱՆ ԵՐԵԿՈՅ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

Սուրբ Ասուածածնայ Վերափոխման տօնին առիթով եւ կազմակերպութեամբ Հայ Եկեղեցւոյ Համալսարանական Ուսանողներու Միութեան, Ուրբաթ, 14 Օգոստոս 2015-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մասնակցութեամբ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբին, եւ ղեկավարութեամբ Մկրտիչ Միքայէլեանի, տուտուկահար Յակոբ Քէլուկեանի, Շուի եւ Ֆլիւթ Կարօ Սուաքճեանի, ինչպէս նաեւ ՀԵՀՈՄ-ական երիտասարդ-երիտասարդուհիներու: Բացման խօսքը կատարեց Օրդ. Դալար Թաթոյեանը: Յայտագիրը սկսաւ Համազգայինի «Տաւիղ» նուագախումբի հայ եւ օտար…