Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԶՈՒԻՑԵՐԻՈՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻԷՆ ՆԵՐՍ

23 Սեպտեմբեր 2015-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը իրեն ընկերացող պատուիրակութեան հետ, ժամանեց Զուիցերիոյ մայրաքաղաք՝ Պեռն, Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Կեդրոնատեղին, ուր դիմաւորուեցաւ Խորհուրդի նախագահ Դոկտ. Կոտֆրիտ Լոխըրի եւ Խորհուրդի աշխատակազմի բարձրագոյն պատասխանատուներուն կողմէ: Դոկտ. Լոխըր բոլորին ներկայութեան ողջունեց Նորին Սրբութիւնը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան անդամները եւ ուրախութիւնը յայտնեց այցելութեան համար: Ան ըսաւ 100 տարիներու գործակցութիւն մը գոյութիւն ունի զուիցերիական եկեղեցիներուն եւ հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հետ եւ մենք պիտի շարունակենք այս համագործակցութիւնը։ Դոկտ. Լոխըր մանրամասն ներկայացուց յառաջիկայ օրերու ծրագիրները, որոնք մշակուած էին Արմենօֆասի եւ Զուիցերիոյ Եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ։

Ապա, Վեհափառ Հայրապետը խօսք առաւ եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն ուղղուած հրաւէրին համար, ըսելով թէ այս հրաւէրը յատուկ կարեւորութիւն մը ունի, որովհետեւ ան տեղի կ’ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս: Նորին Սրբութիւնը իր կարգին շեշտեց, թէ ցեղասպանութիւնէն ետք զուիցերիական եկեղեցիներն ու ժողովուրդը ընդհանրապէս մեծապէս օգտակար հանդիսացան մեր ժողովուրդին՝ Սուրիոյ, Լիբանանի, Յունաստանի եւ այլ շրջաններէն ներս։ Ընկերային ու մարդասիրական կեդրոններ հաստատեցին՝ ծերանոց, կուրանոց, հիւանդանոց, բուժարան, որբանոց եւ նեցուկ կանգնեցան մեր ժողովուրդին, մեր պատմութեան ամէնէն ճակատագրական մէկ հանգրուանին։ Վեհափառ Հայրապետը վստահեցուց, որ այդ գործակցութիւնը երկու եկեղեցիներուն միջեւ պիտի շարունակուի: Զուիցերիոյ պետութիւնը եւս, որեւէ մէկ ժամանակէ աւելի, վստահաբար պիտի շարունակէ իր զօրակցութիւնը հայ ժողովուրդին նկատմամբ, որովհետեւ Զուիցերիան միշտ եղած է նախանձախնդիր մարդկային իրաւանց նկատմամբ։

Պաշտօնական հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը եւ Դոկտ. Լոխըր առանձին հանդիպում մը ունեցան։ Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան մեր երկու եկեղեցիներուն գործակցութեան հետ առնչուած շարք մը հարցեր։

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Խորէն Արք. Տողրամաճեան, Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան, Լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տ. Պետրոս Վրդ. Մանուէլեան, Պետական Երեսփոխան Տիար Յակոբ Բագրատունի, Արմէնօֆասի նախագահ Տիկին Թենի Սիմոնեան եւ ազգային բարերար Տէր եւ Տիկին Ալեքքօ Պէզիքեան։

Երեկոյեան, Վեհափառ Հայրապետը իր պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ ուղղուեցաւ Զուիցերիոյ մէջ Լիբանանի դեսպանատունը: Լիբանանի հիւպատոս Տիար Մանսուր Շաայա ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին ընդունելութիւն մը կազմակերպած էր: Ներկայ էին աւելի քան 100 հրաւիրեալներ՝ զանազան երկիրներու դեսպաններ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եւ Զուիցերիոյ հայ համայնքի անդամներ:

Հիւպատոսը բարի գալուստ յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին, ըսելով թէ իրեն համար մեծ պատիւ է ընդունիլ Նորին Սրբութեան նման միջազգային անձնաւորութիւն մը, որ միջազգային բարձրագոյն շրջանակներու մէջ լաւագոյնս կը ներկայացնէ Լիբանանը: Ապա, հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր խօսքը արտասանելու:

Արամ Ա. Կաթողիկոս ֆրանսերէն լեզուով խօսք առնելով նախ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ կը գտնուի լիբանանեան դեսպանատունէն ներս՝ դեսպանատունը Լիբանանի հողը ըլլալով, ըսաւ որ մենք այժմ կը գտնուինք Լիբանանի մէջ:

Առաջին հերթին Վեհափառ Հայրապետը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Լիբանանի ժողովուրդին, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, իսլամներ եւ քրիստոնեաներ ընդունած են հայ ժողովուրդի զաւակները եւ իրենց հայրենիքն ու հողը բաժնած են անոնց հետ: Լիբանանի մէջ հայ ժողովուրդի զաւակները շուտով վերակազմակերպեցին իրենց համայնքը՝ կառոյցներ հաստատեցին եւ մասնակից դարձան Լիբանանի հաւաքական կեանքին՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս եւ այսօր Լիբանանի եօթը գլխաւոր համայնքներէն մէկն է: Հայ համայնքը հաւատարիմ է իր պարտաւորութիւններուն նկատմամբ եւ միաժամանակ նախանձախնդիր՝ իր համայնքային իրաւունքներուն: Նորին Սրբութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի հայ գաղութը եղած է սիրտը սփիւռքահայութեան եւ Սփիւռքի գաղութներու ղեկավարներուն մեծ մասը Լիբանան ծնած, դաստիարակուած ու կազմաւորուած են, հետեւաբար անոնք այս իմաստով Լիբանանի դեսպաններն են:

Նորին Սրբութիւնը շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութեան կարեւորութիւնը, ըսելով թէ ան հիմքը կը կազմէ Լիբանանի համայնքային դրութեան, ինչպէս նաեւ իւրայատուկ նկարագիրը եւ ինքնութիւնը Լիբանանի: Ճիշդ է որ Լիբանանը այսօր հարցեր կը դիմագրաւէ, ըստ ձեւի անոնք կրնան լիբանանեան հարցեր թուիլ, սակայն ըստ էութեան անոնք օտարներուն հարցերն են, որոնք զանազան կերպերով կ’արտայայտուին լիբանանեան քաղաքական կեանքէն ներս, ըսաւ Վեհափառ Հայրապետը: Վերջապէս, ան շեշտեց Լիբանանի նախագահի շուտափոյթ ընտրութեան հրամայականը:

Այս ընդհանուր գիծերէն ետք, Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, որ այս անգամ ինք Զուիցերիա եկած է յատուկ պատուիրակութեամբ, յանուն մեր ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ իր գնահատանքն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու զուիցերիացի ժողովուրդին: Ան յիշեցուց ներկաներուն, որ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք, մեր պատմութեան այդ դժուար օրերուն, զուիցերիացի ժողովուրդը եղաւ հայ ժողովուրդին կողքին՝ ո՛չ միայն մարդասիրական գետնի վրայ, այլ նաեւ քաղաքական գետնի վրայ եւ Ազգերու Լիկային մէջ զուիցերիացի ներկայացուցիչները լայնօրէն անդրադարձան հայ ժողովուրդի ցեղասպանութեան եւ շեշտեցին հայ ժողովուրդին աջակցելու հրամայականը:

Այս բոլորէն ետք, Վեհափառը Հայրապետը անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին յիշեց, որ հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութեան ճանաչումը միջազգային համայնքին կողմէ շատ կարեւոր է եւ հայութիւնը որեւէ ժամանակէ աւելի կը շարունակէ իր պայքարը ի խնդիր Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման ու հատուցման:

Իր խօսքի աւարտին Նորին Սրբութիւնը ըսաւ, թէ Լիբանանը եղած է ու կը մնայ Միջին Արեւելքի Զուիցերիան եւ իր խօսքը ուղղելով հիւպատոսին ըսաւ, ահաւասիկ դուք Միջին Արեւելքի Զուիցերիան կը ներկայացնէք Եւրոպայի Զուիցերիոյ մօտ եւ իր բարեմաղթութիւնները կատարեց անոր: