14 Նոյեմբերի, 2015

ՄԻՋ-ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՇԱՐԺՈՒՄԻՆ ԵՒ ԱՐԵՒԵԼԵԱՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՖՐԱՆՍԱԿԱՆ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՊԱՐԲԵՐԱԹԵՐԹԵՐՈՒ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

 

12-13 Նոյեմբեր 2015-ին, Լիբանանի Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ միջազգային համագումար մը՝ «“Մէկ” Եկեղեցւոյ Մարտահրաւէրը՝ Միջ-եկեղեցական Շարժումի Ֆրանսական Պարբերաթերթերու Առաքելութիւնը» խորագրով: Համագումարը կազմակերպուած էր Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանին (USJ), Սէնթ Ճոզէֆ Համալսարանի Կրօնական Գիտութիւններու Ամպիոնին (FSR), Proche-Orient Chrétien աստուածաբանական պարբերաթերթին եւ Le Centre de Recherche et de Publications de l’Orient Chrétien-ի միասնական ճիգերով: Սոյն համագումարին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը ներկայացուցին Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ Գերպ. Տ. Յուսիկ Ծ. Վրդ. Մարտիրոսեան եւ Կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական Յանձնախումբի անդամ Դոկտ. Ժան Սալմանեան:

 

            Համագումարին հրաւիրուած էին միջ-եկեղեցական շարժումին եւ արեւելեան եկեղեցիներու ուսումնասիրութեան նուիրուած չորս ֆրանսական աստուածաբանական պարբերաթերթերու՝ Irénikon, ISTINA, Proche-Orient Chrétien եւ Revue Unité des Chrétiens խմբագիրներն ու պատասխանատուները: Անոնք կատարեցին թերթերուն պատմականը, ներկայացուցին անոնց առաքելութիւնը եւ դիմագրաուած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները:

 

            Նշենք, որ այս չորս պարբերաթերթերը, որոնք կը հրատարակուին Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միաբանութիւններու եւ կազմակերպութիւններու կողմէ, մեծ ներդրում ունեցած են Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ միջ-եկեղեցական շարժումին զարկ տալուն, եկեղեցիներու միջեւ յարաբերութիւններ մշակելու եւ աստուածաբանական երկխօսութիւն զարգացնելու մէջ: Անոնք նոյնիսկ կարեւոր դեր կատարած են Վատիկան Բ. ժողովին ընթացքին, որ միջ-եկեղեցական առումով անկիւնադարձ մը եղաւ Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ համար:

More News