Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱԹԷՆՔԻ ՄԻՋ-ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ ՇԵՇՏԵՑ ԾԱՅՐԱՅԵՂԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ՊԱՅՔԱՐԵԼՈՒ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆԸ

«Կրօնական ծայրայեղականութիւնը ներկայ աշխարհի ամէնէն մտահոգիչ չարիքներէն մէկն է: Հետեւաբար, ընկերութեան կեանքէն զայն արմատախիլ ընելը համամարդկային ու համաշխարհային մօտեցում կ’ենթադրէ՝ քաղաքական, տնտեսական, զինուորական կրօնական եւ այլ ազդու միջոցներու ծրագրուած օգտագործումով» շեշտեց Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած միջ-կրօնական համագումարի բացման նիստին:   Յիշեալ համագումարը կազմակերպուած էր Վիեննայի մէջ Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա թագաւորին կողմէ…