ՈՒՐՈՒԿՈՒԷՅԻ ՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԻՔՖԱՅԱՅԻ ՍՈՒՐԲ ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ

  Հինգշաբթի, 6 Օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, շուրջ 50 ուխտաւորներ Ուրուկուէյէն այցելեցին Պիքֆայայի Սուրբ Աստուածածին Վանքը: Անոնք հիացումով դիտեցին վերանորոգուած ու պայծառակերպուած վանքը եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան յուշարձանը, Նահատակաց խորանը և այլ կառոյցներ։               Ապա, ուխտաւորները այցելեցին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին։ Ուխտաւորներուն ուղղած իր Հայրապետական խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը նախ յիշեցուց 1983-ին իր միօրեայ այցելութիւնը…