ՀԱՅ ՍՐԲԱՆԿԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔ «ԿԻԼԻԿԻԱ» ԹԱՆԳԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ

Չորեքշաբթի, 11 Նոյեմբեր 2015-ին, երեկոյեան ժամը 4:30-ին, հովանաւորութեամբ եւ քաջալերանքով՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին եւ կազմակերպութեամբ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» Թանգարանին, բացումը կատարուեցաւ Հայ Սրբանկարչութեան դասընթացքի երկրորդ հանգրուանին: Առաջին անգամ ըլլալով, Լիբանանի եւ ընդահանրապէս Սփիւռքի իրականութեան մէջ, այս աննախադէպ դասընթացքը սկիզբ առաւ անցնող 2014-ի Սեպտեմբերին, «Կիլիկիա» Թանգարանի կազմակերպութեամբ եւ Իտալիայէն յատուկ կերպով հրաւիրուած՝…