«Նահատակը Այն Անձն Է, Որ Գերագոյն Արժէքներու Եւ Սկզբունքներու Կը Հաւատայ: Արժէքներ Եւ Սկզբունքներ, Որոնք Վեր Են, Ու Վեհ Են Իր Անձէն, Եւ Այդ Սկզբունքներու Ու Արժէքներու Յաւերժութեան Համար Իր Կեանքը Կ՛ընծայաբերէ» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառեց մեծ աւեր ու բազմաթիւ զոհեր, եւ լիբանանահայութիւնը, հակառակ իր որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան, տուաւ բազմաթիւ զոհեր եւ հայկական թաղամասերու մէջ տեղի ունեցաւ քանդում: Ոմանք գաղթեցին, ուրիշներ կառչած մնացին իրենց երկրորդ հայրենիքին եւ դիմակայեցին ստեղծուած դժուար պայմաններուն:

Կազմակերպուած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի եւ այդ պատերազմի հայ զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ: Այդ առթիւ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավար Հուրի Փափազեան-Էմմիեան հարցազրոյց կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ` նկատի ունենալով քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդի հանգամանքով այդ տարիներուն անոր ունեցած երկարամեայ ծառայութիւնը եւ լիբանանահայութեան կողքին կանգնելու անոր աւանդը:

Ստորեւ` հարցազրոյցին ամբողջութիւնը:

ՀԱՐՑՈՒՄ.- Պատերազմը ինքնին ահաւոր է, իսկ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմը եկաւ ծանր հարուած տալու Լիբանանին եւ լիբանանահայութեան: Խնդրեմ` խօսեցէք այդ մասին:

ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Առաջին հերթին ես կ՛ուզեմ մեծապէս գնահատել այս նախաձեռնութիւնը, այլ խօսքով, լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ինկած մեր զոհերը. ես կ՛ուզեմ գործածել նահատակ բառը, որովհետեւ ան, որ եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքի գերագոյն շահերուն համար իր արիւնը կը թափէ, իր կեանքը կը զոհէ, նահատակ է բառին վաւերական հասկացողութեամբ:

Իմացայ, որ զանազան շրջաններու մէջ յառաջիկայ օրերուն պիտի յիշուին մեր նահատակները: Մեր նահատակները, ինչպէս ըսի, երիտասարդներ էին. եւ այդ երիտասարդները գիշեր ու ցերեկ իրենց հանգիստը, ընտանիքը, գործը ձգած` մեր թաղերը պաշտպանեցին: Ոմանք իրենց պաշտպանութեան ընթացքին, իրենց ծառայութեան ընթացքին մահացան` իրենց արիւնը թափեցին: Ուրիշներ զանազան ձեւերով ծառայեցին մեր համայնքին, մեր թաղերուն եւ կառոյցներուն եւ, հետեւաբար, մենք այսօր կը յիշենք զիրենք ու պէտք է միշտ յիշենք:

Այդ շրջանին ես լաւապէս կը յիշեմ անուններ, որոնք մեր թաղերու պաշտպանութեան մէջ կարեւոր դեր կատարեցին: Հիմա ես չեմ ուզեր անուններ տալ. ոմանք կրնան մոռցուիլ, սակայն նաեւ եղան տղաք, անանուն տղաք, որոնք նոյն հաւատքով, նոյն քաջութեամբ պաշտպանեցին մեր թաղերը. այլ խօսքով, երբ կ՛ըսեմ` մեր թաղերը, մեր իրաւունքները, մեր համայնքին արժանապատուութիւնը, եւ այս բոլորէն վեր` Լիբանանի գերագոյն շահերը:

Կը յիշեմ այսօրուան պէս այդ տղաքը` մեր թաղերու պաշտպանութեան նուիրուած, Մարաշ, Սիս, Ատանա եւ այլ շրջաններ Պուրճ Համուտի մէջ: Էշրեֆիէ, Խալիլ Պատաուի, Հաճըն, Պէյրութ եւ այլ շրջաններ: Այլ խօսքով, առանց խտրականութեան, մեր համայնքի գերագոյն շահերէն մղուած, միասնական ոգիով, ամուր վճռակամութեամբ եւ ինքնազոհողութեան ոգիով այս տղաքը մեր համայնքի պաշտպանութեան նուիրուեցան տարիներ շարունակ:

Հ.- Այս բոլորին մէջ բնական է, որ եկեղեցին անտարբեր եւ անմասն չմնաց ընդհանուր տագնապէն, այլ եղաւ ապաւէն եւ ուղղիչ: Կարելի՞ է նոր սերունդին յիշեցնել այդ օրերուն եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը:

Պ.- Ինչպէս ըսիր, այդ օրերուն Աստուած եւ մեր ազգը զիս կոչած էր որպէս առաջնորդ Լիբանանի հայութեան ծառայութեան: Քաղաքացիական պատերազմի այդ դժուար եւ տխուր օրերուն, որպէս առաջնորդ, ես իմ կարելիս կատարեցի, կարելիս տուի` որպէս ծառայութիւն մեր ժողովուրդին:

Թող պատմութիւնը դատէ, թէ ո՛ւր յաջողեցայ եւ ո՛ւր թերացայ: Կը յիշեմ, երբ այդ տագնապալի օրերուն, 1978-ին, երբ կը գտնուէի Ամերիկա եւ հազիւ սկսած էի դոկտորայի թեզիս պատրաստութեան համալսարանին մէջ, առաջնորդ ընտրուեցայ եւ անմիջապէս վերադարձայ Լիբանան` ռումբերուն տակ:

Կը յիշեմ, երբ ներկայացայ աստուածաբանական-փիլիսոփայական բաժանմունքի պատասխանատուին ըսելու համար, թէ ես տեղապահ ընտրուած եմ Լիբանանի թեմին եւ պէտք է անմիջապէս վերադառնամ, զարմացաւ: Իրեն ըսի. «Մենք ամէն բանէ առաջ հոգեւորական ենք, եկեղեցւոյ մշակ ենք, մեզի համար եկեղեցւոյ ծառայելը, մեր ժողովուրդին ծառայելը ամէն բանէ առաջ ու ամէն բանէ վեր է»: Հետեւաբար իմ ուսումս մէկդի դրած` վերադարձայ Լիբանան:

Հոս կ՛ուզեմ նաեւ ըսել, որ անցնող քանի մը տարիներու ընթացքին իմ դոկտորայի թեզս ռմբակոծումներու տակ` Պուրճ Համուտի մէջ գրեցի, իր լրումին հասցուցի. ետ գացի Նիւ Եորք, իմ թեզս պաշտպանեցի եւ PHD ստացայ:

Միաժամանակ, որպէս նախ տեղապահ եւ ապա առաջնորդ, ինչպէս քիչ առաջ կ՛ըսէի, այդ դժուար պայմաններուն մէջ փորձեցի եկեղեցին տանիլ ժողովուրդին` որպէս ծառայութիւն:

Իմ առաջին պատգամիս մէջ` որպէս առաջնորդ, հետեւեալը ըսի. «Իմ առաջնորդութեանս տարիները ըսելիքներով պիտի չանցընեմ, այլ ընելիքներով պիտի արժեւորեմ»: Եւ փորձեցի այդպէս ընել: Յաճախակի առիթներով այցելեցի ակումբներ, եղայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ: Այցելեցի դարմանատան կեդրոններ` Պուրճ Համուտ, Խալիլ Պատաուի, Հաճըն, Էշրեֆիէի զանազան շրջաններ եւ ամենածանր օրերուն` ապահովական իմաստով, յաճախակի առիթներով նաեւ անցայ արեւմտեան Պէյրութ: Դժբախտաբար այդ օրերուն արեւելեան եւ արեւմտեան Պէյրութ կ՛ըսէին: Եւ փորձեցի մեր ժողովուրդին յոյս ներշնչել: Այդ օրերուն մասին խօսիլը այսօր հեշտ է, սակայն այդ օրերը երբ կը յիշեմ, ահաւոր օրեր էին, մնայուն ռմբակոծումներու տակ էին մեր շրջանները: Եւ այդ կացութեան մէջ մեր ժողովուրդին ծառայելը, մեր ժողովուրդին Աստուծոյ խօսքը քարոզելը, մեր ժողովուրդին ապահովութիւն, հաւատք, յոյս, վճռակամութիւն ներշնչելը դիւրին չէր: Եւ այդ փորձեցի կատարել: Այլ խօսքով, եկեղեցւոյ ներկայութիւնը փորձեցի դարձնել որպէս ծառայական ներկայութիւն: Եկեղեցին պէտք չէ միայն խօսի, թելադրէ կամ պատգամէ, այլ եկեղեցին պէտք է ծառայէ: Քրիստոս ինք ըսաւ. «Ես աշխարհ եկայ ոչ թէ ծառայութիւն ստանալու համար, այլ ծառայելու համար»:

Եկեղեցւոյ սրբազան կոչումը ծառայել է: Եւ այդ պայմաններուն մէջ, կը կրկնեմ, փորձեցի մեր եկեղեցին դարձնել ծառայական ներկայութիւն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս:

Հ.- Ինչպէ՞ս կը գնահատէք լիբանանահայութեան եւ անոր կուսակցութիւններուն այդ օրերուն որդեգրած միասնական կեցուածքը եւ դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը:

Պ.- Ես ուրախութեամբ եւ գնահատանքով կ՛ուզեմ անդրադառնալ այն միասնական երեւոյթին, որ իսկապէս դարձաւ տիրական մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս այդ օրերուն:

Համայնքային մակարդակի վրայ մեր 3 համայնքները` առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական, միշտ միասին եղան, միասին մտածեցին, միասին գործեցին եւ միասին ծառայեցին:

Նոյնպէս, կուսակցական-քաղաքական գետնի վրայ, մեր 3 կուսակցութիւնները առանց, որեւէ դժուարութեան, միշտ միասին եղան:

Իւրաքանչիւր կուսակցութիւն իր շրջանէն ներս, իր հայեցողութեամբ ծառայեց մեր ժողովուրդին` մեր համայնքին ապահովութիւնը, մեր համայնքին պաշտպանութիւնը, մեր համայնքի գերագոյն շահերը նկատելով ամէն բանէ վեր:

Հետեւաբար, միասնական ոգին տիրական ներկայութիւն էր այդ օրերուն մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս, եւ մեր շրջապատը` Լիբանանի համայնքները, կուսակցութիւնները հիացումով կը դիտէին մեզ: Միութիւնը ուժի, հզօրութեան եւ կամքի արտայայտութիւն է, եւ մենք այդպէս էինք այդ օրերուն` որպէս համայնք:

Երկրորդ` մեր որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը ճիշդ քաղաքականութիւն մըն էր: Սկիզբը կարգ մը կողմեր տարբեր ձեւով մօտեցան, նոյնիսկ դժուարութիւններ տուին մեզի: Քիչ մը աւելին, կարգ մը տեղեր մենք որոշ դժուարութիւններէն անդին` նաեւ բախումներ ունեցանք մեր շրջապատին հետ, որովհետեւ ուզեցին մեր համայնքը միջամուխ դարձնել ներլիբանանեան պատերազմին: Հոն եւս մենք զոհեր տուինք: Սակայն մեր որդեգրած դրական չէզոքութենէն երբեք չշեղեցանք: Երբ որոշ հեռաւորութենէ կը դիտենք այսօր մեր համայնքի ճշդած դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, պիտի ըսենք` ճիշդ էր, ճիշդ որոշում մըն էր թէ՛ մեր համայնքին համար եւ թէ՛ Լիբանանին համար, եւ ես վստահ եմ, որ այսօր եւս ուրիշներ պիտի գնահատեն մեզ, որովհետեւ մենք ինչ որ կատարեցինք այդ օրերուն եւ ըսինք, այն էր, որ մեզի համար Լիբանանը իր գերագոյն ընդհանրական շահերով կը մնայ ամէն բանէ վեր, եւ մենք այդ ուղղութեամբ աշխատեցանք: Այդ օրերուն, կը յիշեմ, երբ շրջանները իրարմէ հեռացած էին, եւ կողմերու միջեւ խրամատներ կային, իրարու հետ միայն ռմբակոծումներով կը խօսէին, մեր համայնքի պատասխանատուները, եւ յատկապէս` կուսակցական պատասխանատուները, փորձեցին կամուրջի դեր կատարել: Երբեմն յաջողեցան, երբեմն ալ ձախողեցան: Համայնքային-կրօնական մակարդակի վրայ` նոյն ձեւով, ես նոյն դերակատարութեան լծուած էի համայնքներու միջեւ, եւ յատկապէս` քրիստոնեայ-իսլամ համայնքապետներու միջեւ: Հետեւաբար մեր որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը, կը կրկնեմ, մեծ շահ մըն էր թէ՛ մեր համայնքի եւ թէ՛ Լիբանանի համար:

Հ.- Վեհափա՛ռ տէր, ի՞նչ յատկանշական դէպքեր ու կացութիւններ ձեր յիշողութեան մէջ կը մնան անջնջելի եւ պիտի ուզէիք զանոնք կիսել մեզի հետ:

Պ.- Ինչպէս ըսի, այդ օրերուն, մանաւանդ երբ կացութիւնը կարգ մը օրերուն աւելի վատթարացած էր, ես փորձեցի մեր տղոց հետ ըլլալ` մեր ակումբներուն մէջ, մեր ժողովուրդի զաւակներուն հետ եւ շատ դժուար պայմաններու մէջ:

Այսօրուան պէս կը յիշեմ, այսպէս, մահու ու կենաց վիճակներ ստեղծուեցան մեզի համար: Կը յիշեմ այսօր, երբ մէկ օրուան մէջ Ս. Նշանին շուրջ 10 հայեր սպաննուեցան` որոշ ուժերու կողմէ, եւ ես ստիպուած էի այդ ծանր պայմաններուն մէջ միւս կողմ անցնիլ եւ հանդիպումներ ունենալ կրօնական եւ քաղաքական պատասխանատուներու հետ:

Կը յիշեմ նաեւ, որ օր մը, երբ Պուրճ Համուտէն միւս շրջանը կ՛անցնէի, հոն եւս այս անցման շրջանէն ահաւոր ռմբակոծումներ եղան, եւ ես ստիպուած եղայ մէկ անկիւնի, այդտեղ մնալու ժամեր շարունակ, որպէսզի ռմբակոծումները դադրին, որովհետեւ ռումբերը կ՛իյնային փաստօրէն իմ շուրջս: Նաեւ, կը յիշեմ, այդ օրերուն ռմբակոծումներու ժամանակ կորսուած փամփուշտ մը եկաւ եւ իմ ձեռքս վիրաւորեց: Մինչեւ հիմա տեղը յայտնի է, ուրեմն անմիջապէս հիւանդանոց տարին զիս, եւ բժիշկը ըսաւ, որ եթէ այս կողմէն ըլլար այս մատը կ՛անշարժանար: Ուրեմն կարելի է այսպէս յիշել դէպքեր, վտանգաւոր պահեր, որ ես ապրեցայ եւ ինծի պէս, վստահաբար, շատ ուրիշներ` համայնքի պաշտպանութեան նուիրուած տղաքը:

Հ.- Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի առիթով կազմակերպուած երկշաբաթեայ ծրագիրներն ու ձեռնարկները ինչպէ՞ս կը գնահատէք, եւ ի՞նչ ունիք ըսելիք լիբանանահայութեան եւ յատկապէս մեր երիտասարդութեան:

Պ.- Ես իրապէս կը գնահատեմ այս նախաձեռնութիւնը, եւ պիտի ուզեմ, որ բոլոր կուսակցութիւնները, շրջանները յիշեն, միշտ յիշեն իրենց եւ մեր բոլորին տղաքը, հերոսները, նահատակները, որոնք զանազան ձեւերով ծառայեցին մեզի: Ոմանք հեռացան այդ օրերուն, եւ ես կը յիշեմ յաճախակի առիթներով ըսի. «Մենք հեռացողներով մտահոգ չենք (այդ օրերուն դասալիք բառը կը գործածէինք), այլ մնացողներով հպարտ ենք: Այդ մնացողներուն առաջին կարգին վրայ այդ տղաքն էին` մեր հերոսները, մեր նահատակները, որոնք կրնային երթալ, բայց մնացին, որովհետեւ հաւատացին Լիբանանի հայութեան կարեւորութեան, սփիւռքի հայութեան կեանքէն ներս: Հաւատացին, թէ ամէն գնով պէտք է պաշտպանել Լիբանանի հայութիւնը եւ նոյնիսկ իրենց արիւնը թափեցին:

Ո՞վ է նահատակը: Նահատակը այն է, որ գերագոյն արժէքներու եւ սկզբունքներու կը հաւատայ: Արժէքներ եւ սկզբունքներ, որոնք վեր են, ու վեհ են իր անձէն. եւ այդ սկզբունքներու ու արժէքներու յաւերժութեան համար իրենց կեանքը կ՛ընծայաբերեն:

Եւ այս տղաքը, այս նահատակները, այս գիտակցութեամբ ու այս նախանձախնդրութեամբ ծառայեցին մեզի: Հետեւաբար մենք պէտք չէ մոռնանք մեր հերոսները, մեր նահատակները. նաեւ անոնք այսօր ըսելիք ունին մեզի. պատգամ մը ունին փոխանցելիք նոր սերունդներուն. այսօր դժբախտաբար ես կը նշմարեմ, որ մեր երիտասարդները սկսած են կամաց-կամաց հեռանալ մեր արժէքներէն, մեր սկզբունքներէն, մեր աւանդութիւններէն, մեր սրբութիւններէն. մեր կառոյցներէն: Երբ բաղդատեմ այդ օրերու մեր երիտասարդութիւնը այսօրուան երիտասարդութեան հետ, կը տեսնեմ տարբերութիւն մը եւ ես կը սպասեմ եւ կը յուսամ, որ տարբերութիւն չըլլայ երբեք:

Այդ օրերուն, երբ այցելէի ակումբներն ու կեդրոնները, երիտասարդներով լեցուն կը տեսնէի, ես կ՛ուզեմ, որ նոյնը ըլլայ այսօր եւս: Մեր դպրոցները, մեր եկեղեցիները, մեր ակումբները, մեր կառոյցները, մեր համայնքը պէտք է լեցուի մեր երիտասարդներով: Մենք այսօր մեծ թուով երիտասարդներ ունինք. աշխատող թէ համալսարան գացող, ո՞ւր են այդ երիտասարդները. ոմանք կը գտնուին կեանքի լուսանցքին վրայ, ինչո՞ւ մեր կեանքի մայր էջին վրայ պիտի չապրին, չպայքարին, չծառայեն, իրենց հայութիւնը չարժեւորեն: Լիբանանեան դէպքերու ծանր օրերուն երիտասարդներով լեցուն էր մեր կեանքը, մեր կառոյցները եւ փողոցները` Պուրճ Համուտը: Այսօր ես կ՛ուզեմ, որ նոյնը ըլլայ:

Երբ մենք կը յիշենք քաղաքացիական պատերազմի օրերուն զոհուած մեր երիտասարդները միայն, պարտականութիւն մը կատարելու սիրոյն պէտք չէ ընենք, անոնք ըսելիք ունին մեզի այսօր եւ` երիտասարդներուն: Եթէ մենք այսօր կ՛ուզենք յարգել իրենց յիշատակը, պէտք է նաեւ հետեւինք իրենց պատգամին, որ միաժամանակ իմ պատգամս է. պէտք է մենք առաջին հերթին ամրօրէն կառչինք Պուրճ Համուտին:

Պուրճ Համուտը հայութեամբ շնչող եւ մեզ հայկական արժէքներով, աւանդութիւններով, սկզբունքներով ներշնչող ու կազմաւորող տեղ մըն է: Հայութեան կեդրոնն է: Այդպէս եղած է Պուրճ Համուտը:

Ես առաջնորդ եղած ժամանակս միշտ կ՛ըսէի` Պուրճ Համուտը սիրտն է լիբանանահայութեան, ինչպէս Լիբանանի հայութիւնը իր կարգին սիրտն է սփիւռքահայութեան:

Պուրճ Համուտը որպէս մեր համայնքին բաբախող սիրտը` պէտք է պահել առոյգ, կենսունակ, կազմակերպ, (կը շեշտեմ) հայութեամբ շնչող: Այսօր ես այս կ՛ըսեմ եւ վստահ եմ, որ մեր նահատակ հերոս տղաները նոյնը կ՛ըսեն: Իրենք Պուրճ Համուտի հայութեան դիմագիծը պահպանելու, պաշտպանելու համար նաեւ իրենց արիւնը թափեցին: Հետեւաբար այսօր մեր տղաքը, ակումբի տղաքը կը յիշեն այս բոլորը եւ պէտք է իրենց յանձնառութիւնը վերանորոգեն` իրենց յանձնառութիւնը ծառայելու մեր համայնքին եւ մեր համայնքի գերագոյն շահերուն:

Հ.- Շրջանին ապրած ապահովական եւ ընկերայինտնտեսական վերիվայրումներուն մէջ ինչպէ՞ս կը գնահատէք լիբանանահայ գաղութին դերակատարութիւնը այս հանգրուանին:

Պ.- Ամբողջ շրջանը` Միջին Արեւելքը լուրջ դժուարութիւններէ կ՛անցնի, վերիվայրումներ կ՛ունենայ, արտագաղթ տեղի կ՛ունենայ, կացութիւններ կը ստեղծուին. հետեւաբար Միջին Արեւելքը եռուն վիճակի մէջ է ժխտական իմաստով: Այս զարգացումներուն հետեւանքները մենք կը զգանք նաեւ Լիբանանի եւ մեր համայնքի կեանքէն ներս:

Ահաւասիկ, ի՞նչ եղաւ մեր համայնքը Իրաքի մէջ, ի՞նչ վիճակ կը պարզէ մեր համայնքը Սուրիայէն ներս… չեմ ուզեր այդ բոլորին անդրադառնալ: Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի հայութեան, այդ դժուարութիւնները մենք այստեղ կը զգանք: Նաեւ տնտեսական տագնապ կայ. քաղաքական իմաստով որոշ դժուարութիւններու դիմաց ենք: Այսպէս եղած է միշտ մեր կեանքը, մեր ամբողջ պատմութեան ընթացքին: Շատ քիչ առիթներով մենք խաղաղութիւն ապրած ենք մեր կեանքէն ներս: Այսօր եւս մեր գաղութները տեսակ-տեսակ դժուարութիւններու դիմաց են: Հայաստանը ահաւոր դժուարութիւններ ունի, նոյնպէս եւ` Ղարաբաղը: Մենք կը կարծենք, որ հեռաւոր Ամերիկայի մէջ ապրող մեր համայնքները խաղաղութեան մէջ կ՛ապրին, առատութեան մէջ կ՛ապրին, տնտեսական բարգաւաճում կայ եւ այլն… Ճիշդ չէ այդ մօտեցումը: Իւրաքանչիւր գաղութ, կը կրկնեմ, իր ներքին դժուարութիւնները եւ շրջապատին առնչուած դժուարութիւններն ու մտահոգութիւնները ունի:

Հոս` Լիբանանի մէջ եւս մենք որոշ դժուարութիւններու դիմաց ենք, ոչ միայն մենք որպէս համայնք, այլ նաեւ` միւս համայնքները: Հակառակ այդ բոլորին` մենք պէտք է մնանք կառչած Լիբանանի հայութեան սկզբունքներուն, արժէքներուն եւ մեր կառոյցներուն:

Լիբանանի հայ համայնքը, Լիբանանի 7 գլխաւոր համայնքներէն մէկն է, այս իրողութենէն մեկնած` մենք պէտք է շարունակենք մեր ամբողջական ու գործօն մասնակցութիւնը բերել լիբանանեան կեանքին` բոլոր մակարդակներու վրայ եւ բոլոր բնագաւառներէ ներս:

Սա կը նշանակէ, որ մենք նաեւ մեր գաղութէն ներս յատուկ կարեւորութիւն պէտք է տանք որակին, եւ այդ որակը մեզի պէտք է գայ մեր երիտասարդներէն:

Համալսարանական մեծ թիւով երիտասարդներ ունինք, այդ երիտասարդները պէտք է մասնակից դառնան, իրենց ձեռք ձգած մասնագիտութիւնը մեր ժողովուրդի ծառայութեան մէջ պէտք է դնեն: Ես կը կարծեմ, որ ասիկա մեր համայնքին համար շատ կարեւոր է: Այսօր մեր համայնքէն ներս կը գտնուին որոշ թիւով սուրիահայեր, անոնք մեր եղբայրներն են ու մեր քոյրերը: Պէտք է մեր կարելին կատարենք օգտակար ըլլալու համար անոնց:

Ճիշդ է, անցնող տարիներուն եւ մինչեւ օրս ես քաջատեղեակ եմ, թէ մեր կառոյցները կը փորձեն եւ իրենց առաւելագոյնը կը կատարեն օգտակար ըլլալու համար անոնց: Նոյն ոգիով, նոյն նուիրումով, նոյն սիրով մենք պէտք է շարունակենք մեր աջակցութիւնը սուրիահայ մեր եղբայրներուն եւ քոյրերուն:

Միասնական ոգին կը շարունակէ տիրել մեր կեանքէն ներս: Ես ուրախութեամբ կ՛ողջունեմ նաեւ այս դրական երեւոյթը: Ահաւասիկ այս դժուար պայմաններուն մէջ ես կը նկատեմ, որ մեր գաղութին համար վերակազմակերպումը, իր կեանքին վերաշխուժացումը շատ կարեւոր է: Այս գիտակցութեամբ, այս նախանձախնդրութեամբ ու այս յանձնառութեամբ մեր համայնքի բոլոր զաւակները պէտք է մասնակից դառնան մեր համայնքի հաւաքական կեանքին: